Մարդավաճառութիւն Մարդավաճառութիւն 

«Մարդավաճառութիւնը վէրք մըն է ժամանակակից մարդկութեան մարմնին մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Մարդավաճառութեան միջազգային համաժողովի նիւթն է «մարդավաճառութեան հարցին հայող Հովուական ուղղութիւններու» քննարկում

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 11 Ապրիլ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճի գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց ՄԱԿ-ի երբեմնի քարտուղարը՝ Տիար Պան Քի Մունը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ նոր վերադարձաւ Փրակայէն, Աստուածային Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարումի Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Ռոպերթ Սարա,Վատիկանի Պետութեան ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծակա եւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնախնդիր Փրոֆ Անտրէա Ռիքքարտին։

Ունկնդրէ լուրը

Ժամը 12-ին Նորին Սրբութիւնը Սիւնհոդոսական Դահլիճին մէջ ընդունեց ՝ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի գաղթականներու ու փախստականներու բաժանմունքի կողմէ կազմակերպուած մարդավաճառութեան միջազգային համաժողովի մասնակիցները, մինչ յետ միջօրէին՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ, նախ հանդիպում կ՛ունենայ Քանթերպըրիի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ժասթին Ուելպիի հետ ապա անոր միասին կը հանդիպի «Հարաւային Սուտանի քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն  հետ որոնք այս օրերուն Վատիկանի մէջ մասնակցեցան յատուկ հոգեւոր կրթութեան»։

Մարդավաճառութեան միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով համաժողովի նիւթին «մարդավաճառութեան հարցին հայող Հովուական ուղղութիւններու» քննարկում,  մէջբերեց Յովհաննէս Աւետարանէն քաղուած հետեւեալ խօսքը «Ես եկայ որպէսզի մարդիկ կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան»։

«Այս նախադասութեան մէջ ամփոփուած է Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը, բոլոր մարդոց ու կիներուն նուիրել կեանքը իր լիութեամբ, Հօր Աստուծոյ ծրագրին համաձայն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Աստուծոյ Որդին մարդեղացաւ բոլոր մարդ էակներուն ցոյց տալու իրենց մարդկայնութեան ճանապարհի իրականացումը։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ժամանակակից աշխարհի մէջ՝ այդ առաքելութեան արգելք հանդիսացող խոչընդոտներուն, ուր, ըսաւ Ան, աճած է անհատականութիւնն ու եսակեդրոնութիւնը, որոնք հակում ունին միւսները նկատելու միայն անձնական շահի եւ յարմարութիւններու չափանիշով»։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը մարդավաճառութիւնը նկատեց «վէրք մը՝ ժամանակակից մարդկութեան մարմնին մէջ» որ կը խախտէ արժանապատուութեան ու ազատութեան իրաւունքը ու միեւնոյն ատեն կ՛անմարդկայնացնէ ան որ այդ արարքը կը գործէ, անոր եւս ժխտելով «առատ կեանք» ունենալը։

Մարդավաճառութիւնը վնաս կը հասցնէ համայն մարդկութեան յօշոտելով Քրիստոսի Մարմին մարդկային ընտանիքը։

 

«Մարդավաճառութիւնը նկատուելու է մարդկութեան դէմ ոճիր» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ ան որ այդ ոճիրը կը գործէ վնաս կը հասցնէ ոչ միայն ուրիշներուն այեւ ինքնիրեն։ Որովհետեւ ամէն մէկ Աստուծոյ ծրագրի դէմ առնուած ընտրանք դաւաճանութիւն է. «Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար» (Յովհ 15, 13)» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Բոլոր այն արարքները որոնք կը ձգտին խթանելու մեր եւ ուրիշներուն մարդկայնութիւնը, համահունչ են Եկեղեցւոյ առաքելութեան հետ, որպէս շարունակութիւն  Յիսուս Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան։ Եւ այս միսիոներական արժէքը ի յայտ կու գայ ամէն տեսակ մարդավաճառի դէմ պայքարի  եւ վերապրողներու ազատագրումի յանձնառումին մէջ, անոնց ու մենք մեզի նուիրելու համար կեանքի լիութիւնը» նշեց ապա Քահանայապետը քաջալերելով մարդավաճառութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ առնուած քայլերն ու իրականացուած ձեռնարկները։ Թէեւ՝ ըսաւ Ան, դեր շատ բան կայ ընելիք, եւ այս ծիրէն ներս կարեւոր նկատեց տարբեր հովուական ձեռնարկներու միջեւ համագործակցութիւնն ու համադրումը, ինչպէս նեաւ քաղաքական եւ ընկերային ասպարէզներու դերակատարներու օժանդակութիւնը, «որպէս խթան աւելի արդիւնաւէտ ու երկարատեւ արդիւնքներու»։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն ի նպաստ տարած աշխատանքին համար ու քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց այդ առաքելութիւնը, հուսկ բոլորին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ, բարեխօսութեամբ մանուկ հասակէն ստրուկ՝ Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի։

«Ձեզ կը յիշեմ աղօթքներուս մէջ ու կը խնդրեմ՝ հաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2019, 12:34