Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Մեզի ներէ՛ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն» Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Ոչ մէկը Աստուած կը սիրէ այն սիրով որ Ան մեզ սիրեց։ Բաւ է Խաչին առջեւ կանգնիլ հասկնալու համար այդ անհամաչափութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 ապրիլ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց «Հայր մեր» աղօթքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Հօր Աստուծմէ խնդրելէ ետք առօրեայի հացը, Հայր մեր աղօթքը կը մտնէ ուրիշներու հետ յարաբերութեան դաշտ։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ Հօր դիմել խնդրելով որ «Մեզի ներէ՛ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն»  ամէն օր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այնպէս ինչպէս մենք կարիքը ունինք հացի, այնպէս ալ կարիքն ունինք ներումի։ Ահա այս է իմաստը մեր այսօրուայ խորհրդածութեան։

«Ամէն մէկ աղօթք կ՛ենթադրէ առաջին ճշմարտութեան մը գիտակցութիւնը, այն է թէ մենք զաւակներ ենք ու ամէն ինչ կը պարտինք մեր Հօր, եւ այս մէկը հակառակ է հպարտութեան զգացումին՝ անոր որ ինքզինք ուրիշներէ լաւ կը նկատէ։ Նման փարիսեցիին որ կը կարծէր թէ աղօթք կը մատուցէր, մինչդեռ միայն ինքնագովութիւն կը կատարէր» ըսաւ Սրբազան Պապը զայն բաղդատելով մաքսաւորին հետ որ մեղաւոր իր իրավիճակը ճանչնալով ոչ իսկ ինքզինք արժանի կը նկատէր տաճար մտնելու ու ինքզինք կը յանձնէ Հօր ողորմութեան։ «Այս վերջինը տուն վերադարձաւ աւելի արդարացած քան միւսը, (Ղուկաս 18, 14)։ «Այսինքն ներուած եւ փրկուած» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Ամէնքս մեղաւորներ ենք Աստուծոյ առջեւ ու Անոր պարտական ենք» ապա աւելցուց  «կան մեղքեր որոնք անաղմուկ են ու բոյն կը շինեն մեր սրտերուն մէջ, անոնցմէ է սնապարծութիւնը, որ կարող է վարակել նաեւ անոնք որոնք կ՛ապրին հոգեւոր խոր կեանք մը։ «Այդ մէղքը կը բաժնէ եղբայրութիւնը, ու մեզ կը մղէ մենք մեզ ուրիշներէն աւելի լաւ նկատելու» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մէջբերլով Սուրբ Յովհաննէսի առաջին թուղթէն հետեւեալ հատուածը «Եթէ ըսենք թէ մենք մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ»։

Մենք պարտական ենք Աստուծոյ նախ եւ առաջ մեզի շնորհած կեանքին համար ու մեզի պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար։ Նոյնիսկ երբ դժուարութիւններու հանդիպինք պէտք է միշտ յիշենք թէ կեանքը շնորհք մըն է ու հրաշք է՝ զոր Աստուած ստեղծեց ոչինչէն։

Մենք պարտական ենք Աստուծոյ նաեւ որովհետեւ կարող չենք սիրել միայն մեր ուժերով։ Ոչ մէկը կարող է փայլիլ իր սեփական լոյսով, նման լուսինին որ կը փայլի արեւի լոյսով։ Մենք կը սիրենք՝ որովհետեւ մեր մօտ կայ անձ մը որ մեր մէջ կ՛արթնցնէ այդ սէրը, ու մեզի հասկացնել կու տայ թէ սէրը աւելի կարեւոր է քան նոյնինքն մեր գոյութիւնը։ «Մենք կը սիրենք որովհետեւ նախ եւ առաջ սիրուեցանք  կը ներենք որովհետեւ նախ մենք ներում ընդունեցանք» հաստատեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով նաեւ  որ «Ոչ մէկը Աստուած կը սիրէ այն սիրով որ Ան մեզ սիրեց։ Բաւ է Խաչին առջեւ կանգնիլ, հասկնալու համար այդ անհամաչափութիւնը»։

«Աղօթենք ուրեմն՝ Տէր ողորմէ մեզի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով նաեւ երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, յիշեցնելով որ «հասած ենք քառասնորդաց շրջանի աւարտին ու Տիրոջ Սուրբ Զատկուայ լոյսն ու մխիթարութիւնը մօտալուտ է»։

«Յոյսով եւ ուրախութեամբ լեցուն, պատրաստուինք մերը ընելու Քրիստոսին զգացումները ու լիութեամբ ապրինք Անոր չարչարանքի ու փառքի օրերը» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2019, 09:53