Որոնել

Սուրբ Գէորգ Սուրբ Գէորգ  (© Musei Vaticani)

Սուրբ Գէորգ` Ֆրանչիսկոս Պապի անուանակոչութեան տօնը։

Սուրբ Գէորգ Զօրավար նահատակուած է մօտաւորապէս 303 Ք.Ե. Նիկոմեդիոյ մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 23 ապրիլ 2019-ին, Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնը։ Տօնին առթիւ կը նշուի նաեւ Գէորգներու անուանակոչութեան տօնը, որոնց շարքին է նաեւ Եորկէ Պերկոլիոյ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Սուրբ Գէորգ Զօրավար նահատակուած է մօտաւորապէս 303 Ք.Ե. Նիկոմեդիոյ մէջ:
Մեծցեր է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երբ Հռոմէացի Դիոկղետիանոս կայսրը (284 - 305) հրովարտակ կը հրատարակէ քրիստոնեաներուն դէմ, Գէորգ զօրավարը կը պատռէ Նիկոմեդիա քաղաքի հրապարակին վրայ կախուած այս արքունական հրամանը:
Այս պատճառով կը չարչարուի եւ կը նահատակուի որովհետեւ կը մերժէ ուրանալ իր քրիստոնէութիւնը:
Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգը սպաննելով վիշապ մը ազատեր է կոյս մը, եւ ասոր համար կ՛ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ:

«Սուրբ Գէորգի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական ողորմաբաշխ գրասենեակի միջոցաւ 6000 վարդարաններ նուիրեց Միլանոյէն ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած եւ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ այս առաւօտուն սուրբ զոհին մասնակցած երիտասարդներուն»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, որ նշեց նեաւ թէ իր այս ժեստով Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներէն կը խնդրէ որ զինք յիշեն իրենց աղօթքնրուն մէջ, յատկապէս՝ Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամսուայ ընթացքին։

Նշենք թէ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2019, 11:29