Սրի Լանքայի մէջ ահաբեկչական արարքներ Սրի Լանքայի մէջ ահաբեկչական արարքներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին տխրութիւնը Սրի Լանքայի ահաբեկչական արարքներուն ի լուր։։

Կ՛ուզեմ մօտիկութիւնս արտայայտել քրիստոնեայ հասարակութեան, որ յարձակումի թիրախ եղաւ մինչ կ՛աղօթէր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեծ տխրութեամբ իմացայ այն ծանր ահաբեկչութեան լուրը որ ճիշդ այսօր՝ Զատկուան օրը, սուգ եւ ցաւ պատճառեց, Սրի Լանքայի մի քանի եկեղեցիներուն ու հաւաքի վայրերուն մէջ։

Կ՛ուզեմ  իմ ջերմ մօտիկութիւնս արտայայտել քրիստոնեայ հասարակութեան, որ յարձակումի թիրախ եղաւ մինչ կ՛աղօթէր, ու նաեւ բոլոր այդ ահռելի բռնութեան զոհերուն։

Տիրոջ կը յանձնեմ անոնք որոնք մեռան եւ կ՛ աղօթեմ բոլոր վիրաւորներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ ողբերգական արարքին պատճառաւ»։

Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, կիրակի 21 ապրիլ 2019-ին, Զատկական «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին ընթացքին,  ի լուր Սրի Լանքայի մէջ Պանդոկներու եւ Աղօթավայրերու դէմ գործադրուած արարքներուն, որոնք պատճառեցին հարիւրաւոր զոհեր եւ այլ հարիւրաւոր վիրաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2019, 13:00