Որոնել

Վելլեթրիի բանտը Վելլեթրիի բանտը 

Ֆրանչիսկոս Պապ Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարէ Վելլեթրիի բանտին մէջ։

Վելլեթրի բանտին այցելութեան օրակարգը կը նախատեսէ հանդիպում բանտարկեալներուն հետ, բանտին քաղաքացիական անձնակազմին ու բանտապահ ոստիկաններուն հետ ապա Սուրբ Պատարագ եւ Ոտնլուայի արարողութիւն։

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

Իր Քահանայապետ ընտրութենէն ասդին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութիւն դարձուցած է Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարել Վատիկանէն դուրս ու ընդհանրապէս բանտերու մէջ ուր յիշատակելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի պահուն կատարած հեզ ու խոնարհ արարքը իր կարգին կը լուայ 12 բանտարկեալներու ոտքերը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս տարի եւս աւագ հինգշաբթիի օրուան առթիւ, 18 ապրիլ 2019-ի կէսօրէն ետք ժամը 16.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Վելլեթրի գիւղաքաղաքի բանտը։ Այս հինգերորդ անգամն է որ Քահանայապետը ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ կալանաւորման վայրի մը մէջ։ 2013-ին, Քահանայապետ ընտրուած տարին, Ան ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց  «Քազալ Տէլ Մարմօ»  անչափահասներու բանտին մէջ, 2015-ին «Ռեպիպիա» բանտին մէջ,  2017-ին «Փալիանո»յի բանտին մէջ,  ապա անցեալ տարի «Ռեճինա Չելի» բանտին մէջ։

Վելլեթրի բանտին այցելութիւնը ունի «մասնաւոր» բնոյթ որուն օրակարգը կը նախատեսէ հանդիպում բանտարկեալներուն հետ, բանտին քաղաքացիական  անձնակազմին հետ, բանտապահ ոստիկաններուն հետ ապա Սուրբ Պատարագ եւ Ոտնլուայի արարողութիւն։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի 15.30 անց ու այցելութեան վայր կը ժամանէ 16.30-ին ուր կը դիմաւորուի բանտի տնօրէն՝ Տիկ Մարիա Տոնաթա Եաննաթուոնոյի, փոխ տնօրէն՝ Տիկ. Փիա Փալմերիի, Բանտապահ Ոստիկաններու հրամանատար Մարիա Լուիզա Ապոսսիտա եւ բանտին մատրանապետ՝ Հայր Ֆրանքօ Տիամանթէի կողմէ։  Նորին Սրբութիւնը ապա հանդիպում կ՛ունենայ բանտարկեալներուն ու բանտին մէջ ծառայութիւն մատուցող անձնակազմին հետ հուսկ, ժամը 5-ին, Բանտի հանդիսասրահին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ ոտնլուայի արարողութիւնը։

Սուրբ Զոհին աւարտին նախատեսուած   նուէրներու փոխանակումէն ետք,  Սրբազան Հայրը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2019, 09:05