Աւագ Շաբաթ Աւագ Շաբաթ 

Ֆրանչիսկոս Պապին "Սուրբ Շաբթուայ" ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները։

Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կանխող շաբաթը կը կոչուի Աւագ կամ Սուրբ Շաբաթ որ սկիզբ կ՛առնէ՝ Յիսուսին Երուսաղէմ հրաշափառ մուտքով՝ Ծաղկազարդի Տօնով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 14 Ապրիլ 2019-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, գլխաւորեց Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը, սկիզբ տալով Սուրբ Շաբթուայ որուն ընթացքին Լատինց Եկեղեցւոյ մօտ անարարողութիւններու շարքը կը սկսի հինգշաբթի օր՝  «Աւագ Հինգշաբթի» որուն  առթիւ առաւօտեան ժամը 9.30ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ Իւղերու օրհնութեան Սուրբ Պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմ գտնուող Կարդինալական դասը, Պատրիարքներ, Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ ու կղերականներ։ Մինչ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Վելլեթրիի բանտը ուր կը գլխաւորէ ոտնլուայի արարողութեան սուրբ պատարագը, լուալով 12 բանտարկեալներուն ոտքերը։

Աւագ Ուրբաթ Օրը նուիրուած է Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։ Յետ միջօրէի ժամը 5.00ին, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու ս. Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի երկհազարամեայ ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնին տարածքին, Ան կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը որուն աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  արարողութեան  ներկայ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն։  

Շաբաթ 20 Ապրիլ 2019-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախատեսուած է  Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ,  որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի գաւիթին մէջ կ՛օրհնէ նոր հուրը, ապա Զատկական Մոմով մուտք կը գործէ Պազիլիքա  ուր կը նախագահէ Խօսքի, Մկրտութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները։  Իսկ Ապրիլ 21-ին Տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' ուղղուած աւանդական պատգամն ու առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2019, 13:30