Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ի Ֆրանչիսկոս Պապին կը ներկայացնէ Երանելի Մալոյեանի Սրբապատկերը Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ի Ֆրանչիսկոս Պապին կը ներկայացնէ Երանելի Մալոյեանի Սրբապատկերը 

12 Ապրիլ 2019 Հայոց մարտիրոսներուն նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած պատարագի 4-րդ տարեդարձը։

Այդ յուզումնալից պահը դարձաւ պատմութիւն, առ առաւել, պատմութեան մէկ էջի դատապարտում

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորս տարիներ անցան այդ պատմական օրէն երբ Քրիստոնէութեան սիրտ՝Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի  Մայր Տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գլխաւորեց հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած Սուրբ Պատարագը, ի ներկայութեան ՀՀ նախագահին  ու իշխանութիւններուն,  Հայ Եկեղեցւոյ հովուապետեր Գարեգին Բ, Արամ Ա եւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ՒԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի ու հայ եկեղեցական եւ աշխարհական  դասի։

Ունկնդրէ լուրը

Պատմութեան մէջ արձանագրուած անմոռանալի օր մը, որուն առթիւ  “Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ” հռչակուեցաւ նաեւ հայ ազգի անուանի զաւակ եւ կրօնաւոր` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։

 Մայր հայրենիքէն սկսեալ, անցնելով Արցախէն ու հասնելով  սփիւռքի ամենահեռաւոր վայրը, ամէն մէկ հայ այդ պահը ապրեցաւ որպէս անմոռանալի, յատկապէս երբ Սուրբ Զոհին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց համայն հայութեան ու աշխարհին։

Այդ յուզումնալից պահը դարձաւ պատմութիւն, առ առաւել, պատմութեան մէկ էջի դատապարտում. Էջի մը որ հարիւր տարի է ի վեր արիւն կը հոսեցնէ հայու ու մարդկութեան սրտէն եւ վրէժխնդրութիւն ու ատելութիւն կը յառաջացնէ այն անձերուն մէջ, որոնք բարոյական ժառանգորդներ են  անոնց`  որոնք իրագործեցին տմարդկային այդ ոճիրը, որ կոչուեցաւ ցեղասպանութիւն, ու մենք` հայերս­, զայն անուանեցինք Մեծ Եղեռն։

Սրբազան Քահանայապետը յուսախաբ չթողուց  առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակները, որոնք Քրիստոսի խաչը կրեցին ու կը շարունակեն  կրել զայն այսօր եւս։ Այդ օր Ֆրանիսչկոս Պապը ուզեց համարձակօրէն հռչակել ճշմարտութիւնը, չզլացաւ ''Ցեղասպանութիւն'' բառը գործածելէ ու հայոց ողբերգութիւնը որակելէ  ''Ի դարու առաջին ցեղասպանութիւն''։

Այդ օրէն անցան չորս տարիներ։ Մի քանի օր առաջ՝ Իտալիոյ խորհրդարանը եւս որդեգրեց հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնող բանաձեւ մը։ Բանաձեւին մէջ,  ի մէջ այլոց, յիշուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 12 ապրիլին արտասանած խօսքերը։ Ի նշան թէ այդ 12 ապրիլ 2015-ի պատմական օրը կը շարունակէ իր պտուղները արտադրել, արդարութեան եւ ճշմարտութեան պատողներ։

Յարգանք հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 10:00