Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել Լիպիայի փախստականներուն ու Հարաւային Ափրիկէի ջրդեղեցի զոհերուն համար:

Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորեց Արեւելեան Եկեղեցիներու եղբայրներն ու քոյրերը որոնք Յուլիանոսի օրացոյցի համաձայն այսօր կը տօնեն Սուրբ Զատիկը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 ապրիլ 2019-ի կէսօրին արտասանած աւանդական մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները նախ յիշեց երէկ Արժանթինի մէջ Երանելի հռչակուած Էնրիքէ Անճել Անճելելլի եպիսկոպոսը, Քարլոս Տէ Տիոս Մուրիաս Ֆրանչիսկեան կրօնաւորը, Կապրիել Լոնկեվիլ Քահանան եւ Վինչեսլաո Փետերներա կրօնուսոյցը յայտնելով թէ «այս հաւատքի մարտիրոսները, հալածուեցան աւետարանի եղբայրսիրութեան ու արդարութեան պատճառաւ»։ «Անոնց օրինակն ու բարեխօսութիւնը թիկունք թող կանգնին յատկապէս անոնց որոնք կը գործեն ի նպաստ աւելի արդար եւ զօրակից ընկերութեան մը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ հաւատացեալներուն հրաւէր ուղղեց միանալու իրեն աղօթքին ի նպաստ փախստականներուն որոնք կը գտնուին Լիպիայի կալանաւորման վայրերու մէջ եւ որոնց իրավիճակը, որ արդեն ծանր էր, շատ աւելիով վատթարացած է, ընթացիկ հակամարտութեան պատճառաւ։ Կոչ կ՛ուղղեմ յատկապէս որպէսզի կիները, մանուկներն ու հիւանդները կարողանան շտապ կերպով արտահանուին մարդկայնական միջանցքներու միջոցաւ։

Աղօթենք նաեւ անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու ծանր վնասներ կրեցին Հարաւային Ափրիկէի մէջ վերջերս պատահած ջրհեղեղի պատճառաւ. Այս մեր եղբայրներուն ալ թող չի պակսի մեր զօրակցութիւնը ու Միջազգային հասարակութեան գործնական աջակցութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շնորհաւորեց Արեւելեան Եկեղեցիներու եղբայրներն ու քոյրերը որոնք Յուլիանոսի օրացոյցի համաձայն այսօր կը տօնեն Սուրբ Զատիկը. Յարուցեալ Տէրը անոնց պարգեւէ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս տօներուն առթիւ իրեն բարեմաղթական պատգամներ ուղղեցին. Սրտանց կփոխարինեմ զանոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, բոլորին վրայ հայցելով ամէն բարիք ու ներկաներուն բարի կիրակի մաղթելէ ետք խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2019, 12:13