Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ շքանշանով մը պատուեց Քոյր Մարիա Քոնչեթան:

Քոյր Մարիան 60 տարիէ ի վեր Ափրիկէի մէջ ծառայած է որպէս Մանկաբարձուհի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 27 մարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տուած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ բեմ հրաւիրեց «Սուրբ Յովսէփ Տի Ճէնոնի դուստեր» միաբանութեան անդամ Քոյր Մարիա Քոնչեթթա Էսու անուամբ կրօնաւորուհին ու զայն ներկայացուց ըսելով «Քոյր Մարիան 85 տարեկան է եւ գրեթէ 60 տարիներէ ի վեր Ափրիկէի մէջ առաքելութիւն կը կատարէ, որպէս մանկաբարձուհի: Քոյր Մարիային ճանչցայ Պանկի քաղաքին մէջ, Ողորմածութեան յոբելենական սուրբ տարուան բացման արարողութեան ընթացին եւ այդ առթիւ քոյր Մարիան պատմեց,  թէ իր կեանքին ընթացքին օգնած է ի լոյս ընծայելու գրեթէ 3000 մանուկներ։  Ինչ հրաշալիք»: ըսաւ Սրբազան Հայրը  աւելցնելով , որ Քոյր Մարիան , Քոնկոյէն, Պանկի քաղաք փոխադրուած էր փոքրիկ նաւակով մը ներկայ գտնուելու համար յոբելենական արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շքանշանով մը պատուեց Քոյր Մարիան ըսելով «սա կը նուիրեմ քեզ որպէս մեծարանք ու նշան մեր սիրոյ եւ գնահատանքի, բոլոր այն աշխատանքներու համար զոր կատարեցիր Ափրիկէի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէս նաեւ մանուկներուն, մայրերուն,  ընտանիքներուն ծառայութեան ի սպաս:
Նորին Սրբութիւնը ապա գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր միսիոնարներուն ու միսիոնարուհիներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարականներուն, որոնք Աստուծոյ արքայութեան սերմերը կը սփռեն աշխարհի ամէն անկին: 

«Ձեր աշխատանքը մեծ է: Դուք ձեր կեանքը կ՝այրէք ցանելով Աստուծոյ խօսքը ձեր վկայութեան միջոցաւ: Եւ այս աշխարհին մէջ դուք տեղեկատուութեան չէք արժանանար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  աւելցնելով « Քոյր Մարիան այսօրուայ արարողութենէն ետք դարձեալ Ափրիկէ պիտի վերադառնայ։ Անոր ընկերանանք մեր աղօթոքով  եւ թող որ անոր օրինակը բոլորիս օգնէ Աւետարանը ապրելու հոն ուր որ կը գտնուինք:»

«Շնորհակալութիւն , Քոյր թող Տէրը օրհնէ քեզ եւ Տիրամայրը պաշտպան կանգնի:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը ու Քոյր Մայիային յանձնեց պատուոյ շքանշանը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2019, 10:44