Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր» հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Հաց կը նշանակէ նաեւ ջուր, դեղ, տուն, աշխատանք….յարեց Նորին Սրբութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 Մարտ 2019-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, գլխաւորեց  հրապարակային  ընդհանուր  ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով մեկնաբանել «Հայր մեր» Տէրունական աղօթքը, խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց աղօթքին երկրորդ մասին վրայ որ՝ ըսաւ Քահանայապետը, կը սկսի առօրեայ բոյրը ունեցող բառով մը. հացը։

Ունկնդրէ լուրը

«Յիսուսին աղօթքը կը մեկնարկէ կարեւոր խնդրանքէ մը՝ «Տուր մեզի առօրեայ հացը» ու այս ի յայտ կը դնէ այն իրականութիւնը թէ մենք ինքնաբաւ արարածներ չենք ու թէ ամէն օր կարիքը ունինք սնունդի», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով թէ Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ են այն դէպքերը ուր մարդիկ Յիսուսէն միշտ բան մը կը խնդրեն. փրկութիւն, հիւանդութենէ բուժում, հաց… ու «Տէրը երբեք անոնց հետ անտարբերութեամբ չի վերաբերուիր»։

«Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ առօրեայ հացը խնդրել։ Քանի մայրեր ու հայրեր այսօր եւս անկողին կ՛երթան իրենց զաւակներուն բաւարար հաց չունենալու մտատանջութեամբ»  յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ քրիստոնէական աղօթքը վերացական իրականութիւն մը չէ, այլ կը բխի իրականութենէն, սրտէն, մարմնի պահանջներէն։ Ոչ իսկ քրիստոնեայ ամենամեծ խորհրդազգացները կարող են զանց ընել այս խնդրանքը «Հայր՝ տուր մեզի ու բոլորին առօրեայ հացը»։ Հաց կը նշանակէ նաեւ ջուր, դեղ, տուն, աշխատանք….աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ  մատնանշելով  որ  «Հացը զոր քրիստոնեան կը դնէ աղօթքին մէջ «իմ» հացս չէ, այլ «մեր» հացն է։  Յիսուս այս կ՛ուզէ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ հացը խնդրել ոչ թէ մենք մեզի համար, այլ աշխարհի համայն եղբայրութեան համար։

Եթէ մենք այդ կերպով չ՛աղօթենք, «Հայր մերը» քրիստոնէական աղօթք ըլլալէ կը դարդի։ Այս աղօթքը կը պարունակէ կարեկցութեան ու զօրակցութեան  վերաբերմունք մը, ըստ Յիսուսին ուսուցումին. «Բոլորս ալ քու զաւակներդ ենք  Հայր՝ ողորմէ մեզի»։

«Մտաբերենք անօթի մանուկները, պատերազմի դաշտ երկիրներուն մէջ ապրող մանուկները, Եմենի անօթի մանուկները, Սուրիոյ անօթի մանուկները ու բազմաթիւ այլ երկիրներուն մանուկները ուր կը պակսի հացը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց անոնց մտածել ու հաւաքական աղօթքով բարձրաձայն ըսել «Հայր՝ Տուր մեզի առօտեայ հացը»։

Հացը որ աղօթքի միջոցաւ կը խնդրենք Տիրոջմէ, կարող է օր մը մեզ մեղադրել, մեզ յանդիմանել,  որովհետեւ զայն չի կիսեցինք մերձաւորին հետ։ Այդ հացը որ նուիրուած է մարդկութեան ու մենք զայն վերապահեցինք մի քանիներուն։ «Սէրը չի կրնար այդպիսի բան մը հանդուրժել» հաստատեց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց ձուկերու եւ հացերու հրաշքին։

«Մանուկ մը ունէր միայն հինգ հաց եւ հինգ ձուկ եւ  Յիսուս զանոնք բազմացուց։ «Հացը արդարեւ սեփականութիւն մը չէ , այլ Աստուծոյ շնորհքով նախախնամութիւն մըն է զոր պէտք է կիսել ու բաժնեկցիլ» ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ Յիսուսին այդ օրուայ գործած իրական հրաշքը  բաժնեկցութիւնն էր, որուն միջոցաւ Ան կանխեց Սուրբ Հաղորդութեան Հացին մէջ իր նուիրումը։

Արդարեւ միայն Սուրբ Հաղորդութիւնը կարող է յագեցնել անհունի անօթութիւնը ու Աստուծոյ իղձը որ կ՛ոգեւորէ ամէն մարդ, առօրեայի հացի փնտռտուքի մէջ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2019, 09:56