Հիրոշիմայի ճրագը Վատիկանի մէջ։ Հիրոշիմայի ճրագը Վատիկանի մէջ։  

Հիրոշիմայի խաղաղութեան ճրագը Վատիկանի մէջ։

Խաղաղութեան Ճրագը, լուսաւորուած է ադոմական ռումբի մնացորդներէն, ու մշտական կերպով վառ կը մնայ որպէս հաշտութեան խորհրդանիշ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աղօթք մը ի նպաստ խաղաղութեան եւ արդարութեան, միասին կառուցելու համար առանց հիւլէական ռումբի աշխարհ մը։ Այս դիտաւորութեամբ է որ Վատիկան ժամանած են 13 տարեկան տարբեր կրօններու պատկան հինգ մանուկներ, որոնց կ՛ընկերանային Հիրոշիմայի Ադոմական ռումբին վերապրող Սթսուքու Թհուրլովը ու Ճափոնի Ուատա Ժի Սանկա տաճարի աւագ Քահանայ Ռվոքիու Էնտօն որ է նաեւ հիմնադիրը «Երկրի կարաւան» ծրագրին, որ միջ եկեղեցական համաշխարհային ուխտագնացութեան ցանց մըն է նուիրուած բոլոր չարչարուած ազգերու ու երկիրներու խաղաղութեան, հաշտութեան ու արդարութեան  համար։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ պատուիրակութեան անդամները՝ առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, չորեքխաբթի 20 մարտի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, անոր յանձնելով Խաղաղութեան Ճրագը, որ լուսաւորուած է ադոմական ռումբի մնացորդներէն, ու 6 օգոստոս 1945-ին ի վեր մշտական կերպով վառ մնացած է որպէս հաշտութեան  յատկանիշ։

2015էն սկսեալ համաշխարհային Բ պատերազմէն 70 տարիներ ետք, «Երկրի կարաւանը» ուխտագնացութեամբ մեկնած է Նաքազաքիէն Հիրոշիմա, Աուշվիցէն Սրեպրենիքը, Քանատայի բնիկներէն մինչեւ Իսրայէլ եւ Պաղեստին։

Ամէն տարի կարաւանի աղօթքներն ու գործունէութիւնը աշխարհի բազմաթիւ մարդոց ներշնչում եւ խթան կը հանդիսանայ գործելու ի նպաստ բոլորին համար աւելի լաւ աշխարհի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2019, 08:42