Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը «Թող ըլլայ Քու կամքդ»։

«Մարդու Որդին եկած է փնտռելու եւ փրկելու այն ինչ որ կորսուած էր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, շարունակելով «Հայր մեր» աղօթքի մասին մտածականները այսօր կը կեդրոնանանք երրորդ աղերսին վրայ. Թող ըլլայ Քու Կամքդ։ Ան պէտք է կարդացուի առաջին երկու աղերսներուն հետ միասին «Սուրբ ըլլայ Քու Անունդ» եւ «Թող գայ Արքայութիւնդ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ 20 մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան որ դարձեալ կեդրոնացուց «Հայր մեր» աղօթքի վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդուն աշխարհին հանդէպ հոգատարութենէն առաջ՝ գոյութիւն ունի Աստուծոյ աննկուն խնամքը հանդէպ մարդուն եւ աշխարհին ու համայն աւետարանը կը ցոլացնէ այդ հեռանկարի հակադարձը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով  «Մեղաւոր Զակքէոսին որ ծառ կը բարձրանայ տեսնելու համար Յիսուսը, սակայն չէր գիտեր թէ Աստուած շատ ժամանակ առաջ արդեն զինք կը փնտռէր, ու երբ Յիսուս անոր կը մօտենայ կ՛ըսէ. «Զակքէոս վար իջիր որովհետեւ այսօր քու տունդ պիտի գամ», ապա կը յայտարարէ. «Մարդու Որդին եկած է փնտռելու եւ փրկելու այն ինչ որ կորսուած էր»։

«Ահա այս է Աստուծոյ կամքը, որ մարդեղացաւ Յիսուսին մէջ, փնտռել ու փրկել այն ինչ որ կորսուած էր» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ մենք մեր կարգին, աղօթքի միջոցաւ, կը խնդրենք որ այդ փնտռտուքը հասնի իր աւարտին, ու Աստուծոյ փրկութեան տիեզերական ծրագիրը իրականանայ։

«Աստուած երկդիմի չէ. Աստուածաշունչը լի է արտայայտութիւններով որոնք մեզի կը պատմեն Աստուծոյ դրական կեցուածքի մասին՝ հանդէպ աշխարհին եւ Եկեղեցւոյ։ Քրիստոնէականին մէջ բազմաթիւ են այն հատուածները որոնք կը վկայեն Աստուծոյ հաւատարմութիւնը ու Անոր համբերող աստուածային կամքը» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Սուրբ Պօղոսին Տիմոթէոսի ուղղած  առաջին նամակէն հետեւեալ խօսքերը. «Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու հասնին ճշմարտութեան գիտակցութեան։ Այս է ուրեմն Աստուծոյ անկասկածելի կամքը՝ «մարդուն փրկութիւնը»։

Առ այդ, երբ  կ՛ աղօթենք «Թող ըլլայ Քու կամքդ» , զայն կ՛ընենք զաւակներու խնդրանքով, որոնք լաւապէս կը ճանչնան իրենց Հօր սիրտը, ու վստահութիւն ունին Անոր սիրոյ ծրագիրին վրայ։ Վա՜յ մեզի եթէ այդ բառերը արտասանենք որպէս ճակատագրի մը դիմաց պարտութեան արտայայտութիւն։ Ընդհակառակը այդ մէկը ըլլալու է վստահութեան զօրեղ խնդրանք, Աստուծմէ մը՝ որ միայն մեր բարիքը կ՛ուզէ եւ կ՛ուզէ մեր փրկութիւնը։

«Հայր մերը» աղօթք մըն է որ մեր մէջ արթնցնել կու տայ Յիսուսին նոյնինքն սէրը Հօր կամքին նկատմամբ, որպէս կայծ մը որ կը մղէ աշխարհը բարեփոխել սիրոյ միջոցաւ։ Կ՛աղօթենք որպէս քրիստոնեաներ, որովհետեւ կը հաւատանք որ Աստուած կարող է եւ կ՛ուզէ իրականութիւնը կերպարանափոխել, բարիի միջոցաւ յաղթելով չարին։

Այսպէս էր նաեւ Յիսուսին համար, գեթսէմանիի պարտէզին մէջ, երբ Ան փորձարկեց անձկութիւնը ու աղօթեց. «Հայր հեռացուր ինձմէ այդ բաժակը» ապա ըսաւ «ոչ թէ իմ կամքս այլ քու կամքդ թող ըլլայ»(Ղուկաս 22,42)։

Յիսուս կը գտնուէր աշխարհի ծանրութեան լուծին տակ, սակայն վստահութեամբ ինքզինք դրաւ Աստուծոյ կամքի ովկիանոսային սիրոյ մէջ։ Մարտիրոսները եւս, չեն փնտռէր մահը այլ յարութիւնը։

«Աստուած սիրոյ համար կարող է մեզ տանիլ դժուար ճանապարհներու վրայ, թոյլ կու տայ որ փորձարկենք վէրքեր ու ցաւցնող փուշեր, սակայն երբեք մեզ միայնակ չի թողուր։ Հաւատացեալի մը համար այս մէկը յոյսէն աւելի, վստահութիւն մըն է»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութեան աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու Հայր մեր աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 09:55