Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւն. «Թող գայ Արքայութիւնդ»

«Թող գայ Քու արքայութիւնդ» աղերսն է զոր քրիստոնեան կը հայցէ որովհետեւ Յիսուսին յաղթանակը տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրագործուած

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ, իր արտին մէջ ցանեց։ 32Ան՝ բոլոր սերմերէն պզտիկ է, բայց երբ աճի, բոլոր խոտեղէններէն մեծ ծառ կ’ըլլայ, այնպէս որ երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին»։

Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Աւետարանական սոյն հատուածէն մեկնելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝շարունակելով մի քանի շաբաթներ առաջ սկսած Հայր մեր Աղօթքի մասին խորհրդածութիւնները, չորեքշաբթի 6 Մարտ 2019-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին շեշտը դրաւ  Տէրունական աղօթքի «Թող գայ արքայութիւնդ» աղերսին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Թող գայ արքայութիւնդ» 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր երբ կ՛աղօթենք «Հայր Մերը» անոր երկրորդ աղերսին մէջ Աստուծոյ կը դիմենք ըսելով «Թող գայ Քու արքայութիւնդ»։ Արքայութեան մօտալուտ գալստեան իղձը հիմնուած է Յիսուսին Գալիլիոյ մէջ կատարած քարոզութեան վրայ «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ է. Ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15)։ Այս խօսքերը սպառնալիք մը չեն այլ աւետիս մըն են՝ ուրախութեան պատգամ մը։ Անոնց մէջ պարփակուած է Յիսուսին բերած փրկութեան բարի լուրը որուն համար ան կոչ կ՛ուղղէ ապաշխարութեան։

«Այդ թագաւորութեան գալստեան նշանները բազմաթիւ են եւ բոլորն ալ դրական» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին հիւանդներուն ցուցաբերած մօտիկութեան՝ թէ մարմնաւոր թէ հոգեւոր խնամքին, ինչպէս նաեւ ընկերութենէն հեռու ու բացառուած ապրողներուն նկատմամբ ու մեղաւորներուն նկատմամբ հոգատարութեան …. Յիսուս արդարեւ կը բացայայտէ այդ նշանները ըսելով «կոյրերը պիտի տեսնեն, կաղերը պիտի քալեն, բորոտները պիտի մաքրուին, խուլերը պիտի լսեն, մեռեալները յարութիւն պիտի առնեն ու աղքատները Աւետարանը պիտի հռչակեն»։

 Աստուծոյ Արքայութիւնը աշխարհի մէջ բռնութեամբ չի հաստատուիր

«Թող գայ Քու արքայութիւնդ» աղերսն է զոր քրիստոնեան կը հայցէ որովհետեւ Յիսուսին յաղթանակը տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրագործուած՝ բազմաթիւ այրեր ու կիներ տակաւին փակ սիրտ մը ունին ու այդ «Հայր մեր Քու արքայութիւնդ թող գայ» բացագանչութեան մէջ քրիստոնեան կը հայցէ Աստուծոյ օգնութիւնը՝ որովհետեւ կարիքը ունինք անոր ու պահանջը ունինք որ Յիսուս միշտ ներկայ գտնուի մեր մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշելով Մանանեխի հատիկի առակին ու այս ուղղութեամբ հաստատելով որ Աստուծոյ արքայութիւնը  դանդաղ կերպով կ՛իրագործուի որովհետեւ ան եւս Մանանեխի հատիկին նման կարիքը ունի խնամքի եւ հոգատարութեան։ « Աստուած համբերատար է ու անոր ապրելաոճը հեզութիւնն ու համբերութիւնն է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Աստուծոյ Արքայութիւնը աշխարհի մէջ բռնութեամբ չի հաստատուիր։ Ան աշխարհի ամենահզօր ուժն է բայց ոչ աշխարհիկ չափանիշով. Ան նման է մանանեխի հատիկին, կամ թթխմորին…»

Հատիկը կարիքը ունի խնամքի ու համբերութեան, որպէսզի ապա դառնայ պտղատու

«Հատիկ մը որ ծիլ կ՛առնէ՝ շատ աւելիով վերապահուած է Աստուծոյ գործին քան մարդուն որ զայն սերմանեց» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Յիսուս եւս ինքզինք նմանեցուց մանանեխի հատիկին որ հոդին մէջ կ՛իյնայ եւ պտուղ կու տայ։ Հատիկը կարիքը ունի խնամքի ու համբերութեան, որպէսզի ապա դառնայ պտղատու նման Աւագ Ուրբաթ օրուայ գիշերուան յաջորդող Յարութեան արշալոյսին որ կարող է յոյսով լուսաւորել համայն աշխարհը։  

Եկ Տէր Յիսուս

Մեր մեղքերուն ու ձախողութիւններուն մէջ սերմանենք «Թող գայ քու արքայութիւնդ » աղերսը։ Զայն նուիրենք յաղթահարուած ու կեանքի լուծին տակ գտնուող անձերուն, անոնք որոնք սէրէն աւելի համտեսեցին ատելութիւնը։ Զայն նուիրենք անոնց որոնք պայքարեցան արդարութեան համար, պատմութեան բոլոր մարտիրոսներուն ու անոնց որոնք կը կարծեն թէ այս աշխարհին մէջ կը տիրէ միայն չարը… այդ ժամանակ պիտի ունկնդրենք «Հայր Մեր» աղօթքը որ մեզի պիտի պատասխանէ յոյսի խօսքերով, այդ խօսքերը որոնք կու գան Սուրբ Հոգիէն «Այո շուտով պիտի գամ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու Խորհրդածութիւնը աւարտեց ինք եւս հայցելով Տիրոջ Գալուստը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2019, 09:50