Որոնել

Pope Francis General Audience Pope Francis General Audience 

«Այսօր կը սկսի քառասնորդացը՝ դէպի Հայր վերադարձը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ այս ժամանակը ապրելու ապաշխարութեան ու դարձի անկեղծ հոգիով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2019-ի առաւօտեան Սուրբ պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով որ այսօր՝ Մոխրոց Չորեքշաբթի օրը, սկիզբ կ՛առնէ Քառասնորդացի ուղեւորութիւնը։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ այս ժամանակը ապրելու ապաշխարութեան ու դարձի անկեղծ հոգիով, որպէս  դէպի Հայր վերադարձ մը, որ բոլորը կը սպասէ բազկատարած, որպէսզի մեզ ընդունի Իր հետ մտերմիկ հաղորդութեան մէջ։

Յայտնենք թէ մոխրոց օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ յետմիջօրէին, Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ,  կը գլխաւորէ 'մոխրոց օրուայ» արարողութիւնը որ սկիզբ կ՛առնէ «ապաշխարութեան'' թափօրով որ Ավենթինօ շրջանի Սանդ Անսելմօ  եկեղեցիէն  կ՛ուղղուի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ ուր տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագ ու մոխրոց օրհնութեան ու զետեղման արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2019, 10:23