Լորեթոյի Տիրամօր Սրբավայրը Լորեթոյի Տիրամօր Սրբավայրը 

Քահանայապետին Լորէթոյի սրբավայր ուխտագնացութիւնը եւ Հռոմի Քաղաքապետարան այցը։

Շաբաթավերջին Սրբազան Պապը կը մեկնի Մարոք

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մարտ ամսուայ վերջին շաբաթը կը սկսի խիտ յայտագիրով։ Երկուշաբթի 25 Մարտին ան ուխտագնացութիւն կը կատարէ Լորէթոյի Մարեմեան Սրբավայր այնտեղ ստորագրելու եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնելու 2018-ի հոկտեմբեր  3-28 Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն նուիրուած  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի յետ-սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մենի ուղղաթիռով առաւօտեան 8-ին եւ մէկ ժամ տեւող թռիչքէ ետք կը ժամանէ Լորէթօ ուր կը դիմաւորուի Լորէթոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ ֆապիօ Տալ Չինի ու տեղական քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ։

Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ստորագրէ երիտասարդներուն ուղղուած յետ սիւնհոդոսական նամակը, զայն դնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին տակ։

 Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ կ՛ողջունէ Քափուչին միաբանութեան հասարակութիւնը եւ կը հանդիպի հիւանդներուն հետ ապա Սրբավայրի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը որուն աւարտին անոնց հետ միասին  կ՛աղօթէ «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը։

Տեղական եպիսկոպոսներուն հետ կիսելէ ետք կէսօրուան  ճաշը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Երեքշաբթի 26 Մարտին Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն կու տայ Հռոմի քաղաքապետարան ուր հանդիպում կ՛ունենայ Հռոմի քաղաքապետ Վիրճինիա Ռաճճիի հետ ու քաղաքապետարանի քաղաքական իշխանութիւններուն ու անձնակազմին հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Չորեքշաբթի օր Սրբազան Հայրը, աւանդութեան համաձայն, կը գլխաւորէ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային անունկնդրութիւնը, մինչ ուրբաթ 29 մարտի՝ երեկոյեան Սուրբ Պետրոսի մէջ կը հանդիսապետէ՝ ապաշխարութեան արարողութեան։

Շաբաթ 30 եւ կիրակի 31 Մարտին Սրբազան Քահանայապետը որպէս «յոյսի ծառայ» առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Մարոք։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2019, 09:58