Մոխրոց օր Մոխրոց օր 

Քառասնորդացը Քահանայապետերու ուսուցումներուն մէջ։

«Հող էիր եւ հող պիտի դառնաս» ծիսական բանաձեւը իր իմաստին լիութիւնը կը գտնէ նոր Ադամին մէջ որ է Քրիստոս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն կ՛ապրինք քառասնորդացի Մեծ Պահքի շրջանը, ապաշխարութեան, դարձի, աղօթքի ու ողորմութեան շրջան։ Դարերու հոլովոյթին երբ արագընթաց աշխարհի մէջ բազմաթիւ իրողութիւններ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին ու մեր առօրեան ու ընկերային կեանքը եւս կը փոխէ իր ընթացքը, Եկեղեցին հաւատարիմ կը մնայ Քրիստոնէական վարդապետութեան ու իրեն տրուած առաքելութեան՝ մարդ անհատը առաջնորդելու դէպի սրբութիւնը՝ դէպի յաւիտենական երջանկութիւն, ու այս մէկը կը կատարէ  ազդարարելով  խուսափիլ մեղքի կապանքներէն ու խոնարհ սրտով դիմելու ողորմած Հօր Աստուծոյ որ իր անհուն սիրով միշտ պատրաստ է ներելու եւ ընկալելու իր զաւակները։

Ունկնդրէ լուրը

«Մեղքը կը բնակի մարդուն սրտին մէջ որ կը յայտնուի որպէս ժլատութիւն որ տենչ ունի անկարգ բարօրութեան, որ կ՛անտեսէ ուրիշներու ու նաեւ անձնական բարիքները, որ կը մղէ շահագործելու արարչութիւնը, մարդիկն ու բնութիւնը,  անհեթեթ ագահութեան հիման վրայ՝ որ իրաւունք կը նկատէ  ամէն մէկ ցանկութիւն, ու այս մէկը ուշ կամ կանուխ պիտի կործանէ նաեւ այդ ցանկութեան հպատակները». Եթէ ուրեմն մեղքի միջոցաւ մենք մեզ կը սպանենք, հարկաւոր է զրահուիլ ի նպաստ իսկական պայքարի, ճանչնալու համար չարին խաբէութիւնները»։ Այսպէս կը գրէ  Ֆրանչիսկոս Պապ 2019-ի Քառասնորդացի պատգամին մէջ որ ունի համապարփակ բնապահպանական դրոշմ մը՝ որ կը  ներգրաւէ մարդն ու բնութիւնը։

Անոր նախորդները եւս քառասնորդացի շրջանին միշտ յիշեցուցած են թէ մեղքը կը տանի կործանումի ու թէ հարկաւոր է խուսափիլ անորմէ։

8 Փետրուար 1978-ին՝ Պօղոս Զ Պապը իր գլխաւորած վերջին մոխրոց օրուան առթիւ ըսած էր «Մեր այսօր փորձարկած մահը պտուղն է մեղքին….Աստուծոյ մերժումը ու անոր գոյութեան ողջ իմաստը կորսնցնելը, մեզի ժամանակակից շատ մը անձինք մղեց մեղքին տալու ընկերաբանական, հոգեբանական. գոյապահպանողական ու զարգացողական  մեկնաբանութիւններ, որոնք կը միտին մեղքին լրջութիւնը ստորադասել։ Մինչ Յայտնութիւնը զայն կը ներկայացնէ որպէս  սարսափելի իրականութիւն մը, որուն դիմաց որեւէ ժամանակաւոր այլ չարիք կը նկատուի երկրորդական։ Մեղքի միջոցաւ մարդս կը խախտէ իր նպատակակէտին հետ յարաբերութեան կարգը….մեղքը կը նշէ մարդուն արմատական ձախողութիւնը, անոր Աստուծոյ դէմ ապստամբութիւնը…ասոր համար մահը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեղքին հետեւանքին տեսանելի յայտնութիւնը»։

Քառասնորդացը է նաեւ յոյսի ժամանակ, ինչպէս կը յայտնէ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1981-ի մոխրոց օրուան առթիւ, երբ աշխարհը ականատես էր  մարդկութիւնը  յուզող ծանր իրադարձութիւններու։

«Ձեզի կ՛աղաչեմ Յանուն Քրիստոսի, թոյլ տուէք հաշտուիլ Աստուծոյ հետ, ան որ մեղքը չի ճանչցաւ, Աստուած անոր հետ վարուեցաւ որպէս մեղաւոր մեզի համար, որպէսզի մենք անոր միջոցաւ դառնայինք Աստուծոյ արդարութիւնը։ Քառասնորդացի հրաւէրը ընկալելը կը  նշանակէ ընդունիլ Քրիստոսի հետ յատուկ մէկ համագործակցութեան հրաւէրը. Այդ հրաւէրը կը հռչակուի ծիսակատարութեան ընթացքին ,սակայն ան հնչելու է  նաեւ իւրաքանչիւրիս սրտին ու խղճին մէջ»։

Մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը կը գրէ. «Մարդս հող է ու հողին պիտի վերադառնայ, սակայն այդ հողը թանկագին է Աստուծոյ աչքերուն որովհետեւ Աստուած մարդը ստեղծեց զայն սահմանելով անմահութեան։ Ասոր համար «հող էիր եւ հող պիտի դառնաս» ծիսական բանաձեւը իր իմաստին լիութիւնը կը գտնէ նոր Ադամին մէջ որ է Քրիստոս։ Յիսուս եւս ուզեց կիսել ամէն մէկ մարդու դիւրաբեկութեան ճակատագիրը, յատկապէս Խաչին վրայ իր մահով, ու ճիշդ այդ մահը որ լեցուն էր անոր Աստուծոյ ու մարդկութեան հանդէպ սիրով, եղաւ ճանապարհը Փառաւոր Յարութեան, որուն միջոցաւ Քրիստոս դարձաւ  պարգեւուած շնորհքի մը ակնաղբիւրը՝ բոլոր անոնց որոնք Անոր կը հաւատան, մասնակից դառնալով Անոր աստուածային կեանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2019, 09:41