Խազաղստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Մումպիելա Սիեռա: Խազաղստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Մումպիելա Սիեռա:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կեդրոնական Ասիոյ կղերական դասը:

Կեդրոնական Ասիոյ եպիսկոպոսներուն հնգամեայ Կանոնական վերջին այցը տեղի ունեցած 2 հոկտեմբեր 2008-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին օրով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, ընդունեց Ղազախստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը ու Կեդրոնական Ասիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերականները, անոնց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցելութեան առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Կաթողիկէ եկեղեցին Կեդրոնական Ասիոյ մէջ:

Կեդրոնական Ասիոյ ՝ Ղազախստանը, Ղրխզստանը, Տաճկստանը, Թուրքմենսիտանը, Ուզբեկստանը, տարբեր երկիրներ ըլլալով հանդերձ, ունին միեւնոյն ցաւալի պատմութիւն մը՝ տրուած ըլլալով որ այդ երկիրներուն մէջ տիրած է համայնավար վարչակարգը: Կաթողիկէ եկեղեցին եւս այդ երկիներուն մէջ ունի միեւնոյն մարտահրաւէրներ. երկիրներու տարածքի համեմատութեամբ, քահանաներուն թիւի պակասը , նոր եկեղեցիներ կառուցելու՝ արտօնութիւնը ունենալու հարցը , ինչպէս նաեւ կրօնային ազատութեան իրաւունքի խախտումի երեւոյթները, տրուած ըլլալով որ օրէնքով, արգիլուած է միսիոներական առաքելութիւնը:
Կեդրոնական Ասիոյ եպիսկոպոսներուն հնգամեայ Կանոնական վերջին այցը տեղի ունեցած 2 հոկտեմբեր 2008-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին օրով:
Կից կը ներկայացնենք վերոնշեալ երկիրներուն մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:

Ղազախստան

Երկրի բնակչութեան թիւն է 18,157,100 : Մինչ կաթողիկէ հաւատացեալները կը հաշուեն 112 հազար հոգի:  Ղազախստանի Կաթողիկէ եկեղեցին ունի եպիսկոպոսաց համահաւաք դաս մը, որուն նախագահն է, Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Մումպելա որ է նաեւ Santissima Trinità in Almaty թեմի եպիսկոպոս: Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի երեք եպիսկոպոսներ եւ մէկ առաքելական հոգաբարձու: Եպիսկոպոսաց դասը հիմնուած է 2003 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պապի օրով::17 հոկտեմբեր 1992-ին,- Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է Ղազախստանի պետութեան հետ:  22-25 սեպտեմբեր 2001-ին: Սուրբ ՅՊԲ այցելած է Ղազախստանը:

Ղրղստան

Ղրղստանի բնակչութեան թիւն է 6256700, որոնց մեծամասնութիւնը մահմետականներ են, մինչ կաթողիկէ հաւատացեալները կը հաշուեն 500 հոգի:
Կաթողիկէ եկեղեցին կառավարուած է ի մէկ առաքելական հոգաբարձուի կողմէ յանձին՝ Հայր Անթոնի Ճէմս Քորքորանի:

Տաճիկստան

Տաճիկստանի մէջ 8742800 բնակչութեան 97,3 տոկոսը մահմետական կրօնը կը դաւանեն մինչ կաթողիկէները կը հաշուեն 200 հաւատացեալ:
Տաճիկստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին հիմնուած է 1974 թուականին, երբ 14 կաթողիկէ հաւատացեալներ կառուցած են Տուշապէ քաղաքին մէջ առաջին եկեղեցին: Հաւացեալներու հովուական ծառայութիւնը յանձնուած է Արժանթինի՝ Բանն Մարմնացեալ միաբանութեան հայրերուն , որուն մեծաւորն է հայր Ռամիրօ Լոփեզը

Թուրքմենտան:

Թուրքմենստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներ կը հաշուեն շուրջ 200 հոգի: Մինչ ՝ կաթողիկէ եկեղեցին հիմնուած է 29 սեպտեմբեր 1997-ին- եւ ունի որպէս հոգեւոր հովիւ Բանն Մարմնացեալ միաբանութեան անդամ ՝Հայր Անտրզէյ Մատէյը

Ուզբեկստան

2016 տարուան տուեալներուն համաձայն, Ուզբեկստանի մէջ կան շուրջ 3 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ
Կաթողիկէ եկեղեցին հիմնուած է, 29 սեպտեմբեր 1997-ին, եւ 1 ապրիլ 2005 ին, Սուրբ ՅՊԲ օրով, կաթողիկէ եկեղեցին բարձրացուած է առաքելական հոգաբարձութեան վիճակի որուն հոգաբարձուն է գերապայծառ Ժերզի Մաքուլէվիչ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2019, 11:58