Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը Հռոմի Լատերանեան համալսարանին:

Աւետարանի եւ աւանդութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը, արգելք չի հանդիսանար միտքերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 26 մարտին, առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն կատարեց Հռոմի Լատերանեան համալսարանի աշակերտներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Այցելութեան ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց քառասնորդաց պահքի շրջանի խորհրդածութիւն մը, նիւթ ընտրելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումի հատուածը՝ քաղուած Դանիէլ մարգարէէն, ուր կը խօսուի Դանիէլ Մարգարէին, երեք բարեկամներուն՝ Սեդրաք- Միսաք ու Աբեդնագովին մասին որոնք անվնաս մնալով բորբոքած կրակէն Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ կ՝ընդգծէ թէ կարելի է բորբոքած կրակէն անվնաս մնալ լոկ՝ Տիրոջ, Աստուծոյ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին օժանդակութեամբ:

Ան համալսարանականներուն դիտել կու տայ, որ թէպէտ կ՝ապրինք մշակութային այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ բնորոշուած է բոլորս քնացնող միակ մտածումով , մշակոյթ մը, որ կրակի կ՝ենթարկէ ամէն տեսակ ստեղծագործութիւն , կարելի է յառաջ ընթանալ, Յիսուսին ու Անոր աւետարանի հանդէպ հաւատարիմ մնալով՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ , որ Աւետարանի եւ աւանդութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը, արգելք չի հանդիսանար միտքերուն, այլ ընդհակառակը կը շնորհէ ազատ, հարազատ, իրականութեան հանդէպ հաւատարիմ տեսակէտ մը: Ան ապա յորդորեց աշակերտները միշտ իրենց հայեացքը դէպի բարձունք սեւեռել, իրականութեան նայիլ տարբեր նայուածքով, որ քրիստոնէական նորութիւն փոխանցող տարբերութիւն մըն է, ընդգծեց ֆրանչիսկոս Պապ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 13:58