Որոնել

Պուլկարիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանշան: Պուլկարիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանշան: 

Ֆրանչիսկոս Պապի Պուլկարիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը

Պուլկարիոյ մէջ Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Սոֆիա եւ Ռաքովսքի քաղաքները, մինչ հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ պիտի այցելէ Սքոփիէ քաղաքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 5- 7 մայիս 2019-ին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Պուլկարիա եւ  Հիւսիսային Մակեդոնիա:

Ունկնդրէ լուրը

Պուլկարիոյ մէջ Սրբազան Հայրը  պիտի այցելէ Սոֆիա եւ Ռաքովսքի քաղաքները,  մինչ հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ պիտի այցելէ Սքոփիէ քաղաքը։

 Նորին Սրբութեան Պուլկարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է «Խաղաղութիւն Երկրի վրայ»  ներշնչուած ՝ Պուլկարիայի առաջին առաքելական այցելու՝  Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապի յորդորագիրէն ու կը յատկանշէ աղօթքը՝ զոր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի արտասանէ Պուլկարիայի մէջ:

Սուրբ Աթոռի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ֆրանչիսկոս Պապին Պուլկարիոյ կատարելիք առաքելական Ճամբորդութեան օրակարգը կ՝ընդգրկէ երկու կարեւոր հանգրուաններ,  այցելութիւն  Պուլկարիոյ Սոֆիա մայրաքաղաքին մէջ գաղթականներուն կեդրոնի մը ապա,   աղօթք  Քալքութթայի Սրբուհի Թերեզայի նուիրուած  յուշակոթողին առջեւ:   

5 մայիս 2019-ի, առաւօտուն ֆրանչիսկոս Պապ  Հռոմի  միջազգային օդակայանէն թռիչքով կը  մեկնի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք՝ Սոֆիա, ուր իրեն ի պատիւ կայանալիք  պաշտօնական բարի գալուստի արարողութենէն ետք,  Ան կ՝այցելէ Պուլկարիոյ հանրապետութեան նախագահին,  որմէ ետք, «Աթանաս Պուրիով» անուան հրապարակին վրայ  հանդիպում կ՝ունենայ  քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ:

Քաղաքացիական իշխանութեան հետ հանդիպումէն ետք, ֆրանսիականս Պապ կ՝այցելէ  Պուլկարիոյ Պատրիարքին եւ Սուրբ Սինոդին, որուն ծիրէն ներս, Պուլկարիոյ Կաթողիկոսարանին մայր տաճարին, ՝   Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտոսի Գահին առջեւ կը մասնակցի  աղօթքի յատուկ արարողութեան:

Կէսօրին,  ֆրանչիսկոս Պապ կաթողիկոսարանին Մայր տաճարին հրապարակէն կ՝արտասանէ կիրակնօրեայ աւանդական մարեմեան աղօթք, ապա՝  յետմիջօրէին,   «Քնյազ Ալեքսատներ Ա»  անուան հրապարակին վրայ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան: 

Երկուշաբթի, 6 մայիսին, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Սոֆիա մայրաքաղաքին մէջ գտնուող գաղթականներու կեդրոն մը,  որմէ ետք թռիչքով կը մեկնի Ռաքովսքի քաղաք,  ուր Սուրբ Սիրտ անուան եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ առաջին Սուրբ Հողորդութեան,   Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Կէսօրուան ճաշի փոքրիկ դադարէ մը ետք , Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Պուլկարիոյ եպիսկոպոսներուն հետ,  Ֆրանչիսկեան քոյրերուն   վանքէն  ներս ապա Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի անուան եկեղեցւոյ մէջ հանդիպի կաթողիկէ հասարակութեան հետ:

Պուլկարիոյ ժամանակացոյցով յետմիջօրէին 5,15-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Պուլկարիոյ տուած առաքելական ճամբորդութիւնը վերջ կը գտնէ  Սոֆիա մայրաքաղաքին « Նեզավիսիմոսթ» անուան հրապարակին վրայ նախագահած  խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի յատուկ  արարողութեամբ,  ներկայութեամբ Պուլկարիոյ կրօնային դաւանանքներու պետերուն:    

7 մային 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ կը մեկնի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Սքոփիէ  մայրաքաղաք , ուր կը դիմաւորուի քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն կողմէ,  ապա նախագահական պալատին մէջ հանդիպում կ՝ունենայ քաղաքացիական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անձնաւորութիւններուն հետ,  որմէ ետք

Սրբուհի Մայր Թերեզայի ծննդավայր՝ Սքոփժէ մայրաքաղաքին մէջ , Սրբուհիին նուիրուած  յուշարձանի դիմաց կը  նախագահէ  յատուկ աղօթքի արարողութեան,  ներկայութեամբ կարգ մը այլ կրօնային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն: Աղօթքի արարողութիւնէն ետք Մակեդոնիոյ անուան հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի  քաղաքին  կարգ մը աղքատ մարդոց հետ ապա կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ:

Կէսօրուան ճաշէն ետք,  քաղաքի հովուական ծառայութեան կեդրոնէն ներս-  Սրբազան Հայրը միջ կրօնական եւ համամիութենական հանդիպում կ՝ունենայ երիտասարդներուն հետ, որուն աւարտին  քաղաքին մայր տաճարէն ներս կը հանդիպի քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ:

Յետմիջօրէին, 6,20-ին,  Հիւսիսային Մակեդոնիոյ օդակայանի մէջ կայացած հրաժեշտի արարողութենէն ետք,  ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կը հատարէ Հռոմ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2019, 09:46