Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը «Քրիստոնեայ հասարակութիւններու իրաւունքներու ճանաչում:»

Աղօթենք հալածուած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, որէպէսզի անոնք Քրիստոսի մօտիկութիւնը զգան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 մարտին, հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը հայող մարտ ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան:
«Քահանայապետին տեսերիզը» բնաբանով, պատգամը կը հրապարակուի ամէն ամսուայ սկիզբը, շնորհիւ Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցին։:

Ունկնդրէ լուրը

Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է Քրիստոնեայ հասարակութիւններու իրաւունքներու ճանաչումին։
Արդարեւ , մեզի բնականոն եւ առօրեայ սովորական կը թուին խաչակնքելը, Սուրբ Գիրքը կարդալը , կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին մասնկացիլը , Յիսուսի մասին խօսիլը: Սակայն դժբախտաբար աշխարհի բազմաթիւ վայրերուն մէջ այդպէս չէ: Ազատօրէն աղօթել կը նշանակէ, վտանգի ենթարկել սեփական կեանքը, կը նշանակէ սպաննուիլ, քարկոծումի կամ ալ պարտադիր ծանր աշխատանքներուն ենթարկուիլ:

2019 տարին, սկիզբ առաւ, Ֆիլիփինի ՝ Մայր տաճարի մէջ, Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին, ահաբեկչական արարքով մը , որուն զոհ գացին 23 հոգիներ եւ վիրաւորուեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ:
Անցեալ տարի՝ 2018-ին, սպաննուեցան 40 միսիոնարներ, որոնց շարքին 35 քահանաներ:

Կան նաեւ հազարաւոր պարագաներ, որոնց մասին տեղեակ չենք, տեղեկութիւններուն պակասի հետեւանքով:

«Տառապող եկեղեցւոյ Օգնութիւն» քահանայապետական հիմնարկի, աշխարհի մէջ կրօնային ազատութեան մասին ներկայացուցած զեկոյցին համաձայն քրիստոնէական կրօնքը աշխարհի մէջ ամենէն շատ հալածուած կրօնքն է: Կրօնական ազատութիւնը, որ մարդու հիմնական իրաւունք կը նկատուի լրջօրէն վտանգուած է աւելի քան 38 երկիրներուն մէջ, :

Ասոր համար, Մարտ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան մասին տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ բոլորէս կը խնդրէ, որ աղօթենք Քրիստոնեաներուն հասարակութիւններուն համար, յատուկէն հալածուած հասարակութիւններուն համար, որպէսզի այդ հասարակութինները Քրիստոսի մօտիկութիւնը զգան ու անոնց իրաւունքները ճանչցուին
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՝ըսէ.

«Թերեւս դժուար է հաւատալ, բայց այսօր աւելի շատ նահատակներ կան , քան առաջին դարերուն:
Հալածուած են, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կ՝ըսեն եւ Յիսուս Քրիստոսը, այս ընկերութեան կը հռչակեն:
Այս տեղի կ՝ունենայ, մասնաւորապէս, հոն ուր կրօնական ազատութիւնը չէ երաշխաւորուած :
Նաեւ այն երկիրներուն մէջ, ուր տեսականօրէն եւ թուղթին վրայ, կը պաշտպանեն ազատութիւնն ու մարդկային իրաւունքները:

Աղօթենք քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, յատուկէն հալածուած հասարակութիւններուն, որպէսզի անոնք Քրիստոսի մօտիկութիւնը զգան եւ որպէսզի անոնց իրաւունքները ճանչցուին:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2019, 16:00