«Մարոք կու գամ որպէս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ուխտաւոր» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Մարոքի ժողովուրդին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

30-31 մարտ 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Մարոք: Այս առթիւ, հինգշաբթի, 28 մարտին ի պատրաստութիւն սոյն առաքելական ճամբորդութեան, պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Մարոքի ժողովուրդը։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ ըսաւ,

«Սիրելի Մարոքի ժողովուրդ,

Ալ Սալամու Ալէյքում: Խաղաղութիւնը ձեր հետ:

Մօտ օրէն , ձեր սիրելի երկիրը պիտի գամ երկօրեայ այցելութեան համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, այս հնարաւորութեան համար զոր ինծի կը շնորհէ:
Երախտապարտ եմ Վսեմաշուք Մուհամետ 6-րդ թագաւորին իր ազնիւ հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ Մարոքի իշխանութիւններու հոգատար համագործակցութեան համար:
Իմ նախորդիս՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին հետքերուն վրայէն, կու գամ որպէս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ուխտաւոր, աշխարհի մը մէջ որ շատ կարիքն ունի անոնց:
Որպէս Քրիստոնեաներ եւ Մահմետականներ, կը հաւատանք Ողորմած եւ արարիչ Աստուծոյ, որ մարդիկը ստեղծեց ու զանոնք աշխարհի մէջ զետեղեց որպէսզի եղբայրաբար ապրին, իրար զիրար յարգելով բազմազանութեան մէջ եւ իրար զիրար օգնելով կարիքներուն մէջ:
Ան, մարդոց յանձնեց երկիրը ՝մեր հասարակաց տունը, զայն պաշտպանելու համար՝ պատասխանատուութեամբ եւ զայն պահպանելու համար ապագայ սերունդներուն ի նպաստ:
Ինծի համար ուրախութիւն պիտի ըլլայ ձեր հետ ուղղակիօրէն բաժնեկցիլ Ռապաթի մէջ այս հանդիպումի համոզմունքները:
Այս ճամբորդութիւնը ինծի պիտի շնորհէ նաեւ թանկարժէք առիթ այցելելու Մարոքի մէջ ներկայ քրիստոնեայ հասարակութիւնը եւ քաջալերելու անոնց ուղեւորութիւնը : Ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպիմ գաղթականներուն հետ, որոնք կոչ մը կը ներկայացնեն միասնաբար կառուցելու արդար եւ զօրակից աշխարհ մը:
Սիրելի Մարոքցի բարեկամներ, այժմէն ձեզի սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր հիւրընկալութեան համար, մասնաւորապէս ձեր աղօթքներուն համար, ձեզի եւ ձեր սիրելի երկրին ապահովեցնելով իմ աղօթքներս:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2019, 15:00