ֆրանչիսկոս Պապին պատկերափռուած պատգամը Պանկիի մէջ մանկաբուժարանի բացման առթիւ:

Տակաւին իմ սրտիս աչքերուն մէջ միշտ պահպանուած են թերասնունդի խնդիրներէ տառապող մանուկները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 2 մարտ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած շնորհաւորական պատգամ մը յղեց կեդրոնական Ափրիկէի Պանկի քաղաքի մէջ մանուկներուն նուիրուած հիւանդանոցի բացման առթիւ, որուն մէջ ողջունեց հիւանդանոցի բարեկամները նշելով թէ այդ հիւանդանոցը 2016 թուականէն ի վեր յանձնառու է ոչ միայն բժիշկ պաշտօնեաներուն կազմաւորման, ապա մաղթեց որ մանկաբուժարանը վերածուի լաւագոյն կեդրոնի մը, ուր մանուկները կարենան իրենց ցաւերուն ու տառապանքներու ամոքում գտնեն:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ յիշեց, թէ կեդրոնական Ափրիկէ կատարած այցելութենէն ի վեր, տակաւին իր սիրտին աչքերուն մէջ միշտ պահպանուած են թերասնունդի խնդիրներէ տառապող մանուկները: Ան ապա այս յիշելով բժշկուհիի մը իրեն ուղղուած խօսքը «այս մանուկներուն մեծամասնութիւնը մեռնելիք են, որովհետեւ վարակուած են մալարիա հիւանդութենէն ու թերասնունդի խնդիրներէ կը տառապին » հաստատեց թէ « այս մէկը պէտք չէ վերստին պատահի - մանուկներուն տառապանքը անկասկած անընդունելի է: ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հարց տալով, աշխարհահռչակ գրագէտ Տոստթովյեսքի միեւնոյն հարցումը « մանուկները ինչո՞ւ կը տառապին» , յարեց թէ ինք եւս շատ անգամ նոյն հարցումը ուղղելով չի գտներ անոր պատասխանը , ապա ինք խաչեցեալին նայելով, Հօր՝ ողորմած սէրը կը հայցէ, անթիւ տառապանքներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ յիշեալ մանկաբուժարանը ողորմածութեան շօշափելի նշան մըն է, որուն բացումը ուզեց նախապէս կատարել, Պանկի քաղաքին մէջ՝ անցեալ 29 նոյեմբեր 2015-ին, ողորմածութեան յոբելենական տարուան ծիրէն ներս, աւելցնելով, թէ Ողորմածութեան տարուան առաջին տաճարի սուրբ դրան բացումը կատարուած է , Պանկի տաճարի դուռը եւ ոչ թէ սուրբ Պետրոսին տաճարին դուռը եւ ինք Պանկիի տաճարին սուրբ դուռէն անցնելու ժամանակ մաղթած է որ Պանկի մայրաքաղաքը , աղօթքի, հօր ողորմածութեան , մայրաքաղաք դառնայ :
Նորին Սրբութիւն յարեց, թէ իրեն համար շատ հաճելի է մտածել, թէ Պանկիի տաճարի սուրբ դուռը տակաւին բաց է, մաղթելով, որ տաճարի ողորմածութեան գետը, կենսունակութեան աւիշը պարգեւէ մանուկներուն հիւանդանոցին ու անոր մէջ բոլոր աշխատաւորներուն:
Ան մաղթեց նաեւ որ մանուկներուն հոգ տանելու աշխատանքները մղուած ըլլան եղբայրսիրութեան հոգիէն, ի միտ ունենալով Աւետարանին բարի Սամարացին:
Նորին Սրբութիւն հրաւիրեց, մակուներուն կարիքները քնքշութեամբ հոգալու ու անոնց դիւրաբեկ վիճակին մօտենալու՝ մանուկներուն մէջ տեսնելով Յիսուսը « Ան որ հիւանդներուն սիրով կը ծառայեն , Յիսուսին է որ կը ծառայէ եւ մեր առջեւ կը բացուի Աստուծոյ Արքայութեան դուռը» ըսաւ Ան ապա քաջալերեց մանկաբուժարանին պաշտօնեաները ողորմածութեան արուեստագէտներ դառնալու:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամի մէջ ողջունեց Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան Նախագահ, Տիար Ֆաուսթին Արքան Թուատերանը , ողջունեց Պապական նուիրակը՝ Գերապայծառ Սանթիակօ Տէ Վիթ Կուզմանն ու հիւանդանոցին նախագահ՝ Տիկին Մարիելլա էնոքը, ինչպէս նաեւ կարդինալ Քոնրատը,
Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր պատգամը նշելով թէ, « ան որ հոգ կը տանի փոքրիկներուն , Աստուծոյ կողմէն է եւ կը յաղթահարէ մնացորդացի մշակոյթին» ապա մաղթեց, որ Մանուկներուն հիւանդանոցը, կեդրոնական Ափրիկէի համայն երկրին մէջ տիպար հանդիսանայ, դիտել տալով որ «հիւանդ անձին մէջ Յիսուսն որ ներկայ է: Պատգամի աւարտին Սրբազան Հայրը բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2019, 10:30