Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի Նախագահին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի Նախագահին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի Նախագահին։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռն ու Մալթայի հանրապետութիւնը միացնող կառուցողական յարաբերութիւններու մասին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի որ այսօր՝ Ֆրանչիսկիս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի Հանրապետութեան նախագահ Տիկին Լուիս Քոլէյրօ Փրեքային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլլերի։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ  կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռն ու Մալթայի հանրապետութիւնը միացնող կառուցողական յարաբերութիւններու մասին ու Եկեղեցի – Պետութիւն համագործակցութեան մասին՝ ի նպաստ քաղաքացիներու ու յատկապէս երիտասարդներուն մարդկային, ընկերային, մշակութային ու հոգեւոր զարգացումին, Կաթողիկէներուն երկրին շնորհած դարաւոր նպաստի լոյսին ներքոյ։

Զրոյցներու ընթացքին դիմագրաւուեցան նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, յատուկէն անդրադառնալով՝ Եւրոպական ընդելուզման հեռանկարին ու միջերկրականի տարածաշրջանի իրավիճակին, որոնց շարքին գաղթականութեան երեւոյթը, համագործակցութեան զարգացումը ու միջկրօնական երկխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2019, 13:00