Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 5 մարտ 2019-ին, երեկոյեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահ տիար Ֆաուսթին Արքանժ Թուատերան: Այս մասին, վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Ալեսստանտրօ Ճիզոթթի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ նախագահի միջեւ կայացած հանդիպումը տեւած է շուրջ 25 վայրկեան, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն մասին, գնահատուած է Սուրբ Աթոռի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը եւ ընդգծուած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նպաստը, երկրի դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզերէն ներս:
Հանդիպումի ընթացքին , յատուկէն անդրադարձ կատարուած է վերջերս Պանկի քաղաքին մէջ, բացումը կատարուած մանկաբուժարանին, որուն համար նախագահը յատուկէն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին:
Քննարկումի նիւթ եղած է Կեդրոնական Ափրիկէի այժմէական քաղաքական կացութիւնը, յատուկէն արծարծուած է կեդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդի համապարփակ զարգացման եւ հակամարտութիւններուն խաղաղ լուծման ի սպաս վերջերս ձեռքբերուած կարգ մը համաձայնութիւններուն նիւթը: Այս ծիրէն ներս քաջալերուած է խաղաղ համակեցութեան եւ ազգային համերաշխութեան խթանման յանձնառութիւնը, բռնարար արարքներուն վերջ տալու ի գործ դրուած ջանքերը ինչպէս նաեւ գաղթաններուն տունդարձը:
Ֆրանչիսկոս Պապ Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահին նուիրած է 2019 թուականին համաշխարհային խաղաղութեան օրուան պատգամը, քահանայապետական կարգ մը փաստաթուղթեր , եւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած «մարդկային եղբայրութիւն» միասնական յայտարարութիւնը:
Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումէ ետք, նախագահ հանդիպած է նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի հետ: նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք թէ Կեդրոնանան Ափրիկէի նախագահը ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձած է 2015-ի ֆրանչիսկոս Պապին կեդրոնանան Ափրիկէ կատարած այցելութեան մասին, յայտնելով թէ այդ մէկը եղած է պատմական դէպք մը, Կեդրոնական Ափրիկէի ժողովուրդին համար, որ տակաւին թարմ է բոլորին յիշողութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ