Եթովպական ընկերութեան աղէտի վայրը Եթովպական ընկերութեան աղէտի վայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապին խոր ցաւը Եթովպական օդանաւի աղէտին ի լուր։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն:

Կիրակի, 10 մարտ 2019-ին, ջախջախուած է 157 ճամբորդներ Քենիա փոխադրող եթովպական ընկերութեան օդանաւ մը:
Ի լուր այս տխուր փորձանքին, երկուշաբթի, 11 մարտին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն ֆրանսչիսկոս Պապին յղած ցաւակցագիրին մէջ նշած է .

«Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխուր է, իմանալով Եթովպական ընկերութեան օդանաւի աղէտին լուրը:
Ան իր աղօթքը կ՝ապահովէ տարբեր երկիրներու պատկան զոհերուն համար, անոնց հոգիները յանձնելով Ամենակալին բարեգթութեան:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կ՝ողբան աղէտին լուրը, հայցելով բորորին համար Աստուածային սփոփանքի եւ զօրութեան օրհնութիւնները:»

Յայտնենք, մահացած են դէպի Քենիա փոխադրող օդանաւի մէջ գտնուող բոլոր 157 ճամբորդները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2019, 12:46