Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ լրագրողներուն մաղթեց պտղաբեր աշխատանք։

Դէպի Մարոք առաջնորդող ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները

Առաքելական 28-րդ միջազգային  ճամբորդութեան ծիրէն ներս, դէպի Մարոք փոխադրող թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ողջունելով իր հետ ճամբորդող 69 լրագրողները նախ շնորհաւորեց անոնցմէ երկուքին տարեդարձը ապա մաղթեց որ անոնց աշխատանքը ըլլայ պտղաբեր։ «Յոգնեցուցիչ է սակայն յուսամ ըլլայ պտղաբեր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա մէկիկ մէկիկ ձեռնուեցաւ լրագրողներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 14:17