Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Ռոմանիոյ առաքելական ճամբորդութեան խոհրդանիշը: Ֆրանչիսկոս Պապին Ռոմանիոյ առաքելական ճամբորդութեան խոհրդանիշը: 

ֆրանչիսկոս Պապին Ռոմանիա կատարելիք այցելութեան յայտագիրը:

31 մայիս- 2 յունիս 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Ռոմանիա:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 մարտին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին յառաջիկայ 31 մայիս- 2 յունիս 2019-ին, Ռոմանիա կատարելիք հովուական այցելութեան յայտագիրը որուն մէջ նշուած է , թէ ուրբաթ, 31 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8,10-ին, Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն Ֆրանչիսկոս Պապ կը մեկնի Պուխարեսթ:

Ունկնդրէ լուրը

Պուխարեսթ ժամանելուն, Սրբազան Հայրը անմիջապէս կը փոխադրուի նախագահական պալատ ուր կայանալիք բարի գալուստի արարողութենէն ետք Ան քաղաքավարական այցելութիւն կը կատարէ Ռումանիոյ հանրապետութեան նախագահին որմէ ետք կը հանդիպի Ռումանիոյ վարչապետին
Ժամը 13,00ին, Քոթրոչենի անուան պալատէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի քաղաքական իշխանութեան, քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը:
Յետմիջօրէին, Պուխարեսթի պատրիարքարանին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Ռումանիոյ Պատրիարքին հետ, Ռումանիոյ եկեղեցւոյ մնայուն սինոդասական դասին հետ ապա օրթոտոքսներու մայր տաճարին մէջ կը կատարէ Տէրունական Հայր մեր աղօթքը եւ այս առթիւ կը ներկայացնէ իր ողջոյնի խօսքը:
Ռումանիոյ պատրիարքին եւ մնայուն սինոդասական դասին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք,
Կաթողիկէներուն Սուրբ Յովսէփ անուան տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ եւ կը ներկայացնէ օրուան քարոզը:

Շաբաթ 1 յունիս, Ռումանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Սումուլէու – Չիուք քաղաքի սրբավայր ուր առաւօտեան ժամը 11,00ին, կը մատուցէ Սուրբ Պատարագ եւ կը այս առթիւ ներկայացնէ օրուան քարոզը :
Յետմիջօրէն ժամը 17,15-ին- ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Իազին քաղաքի Թագուհի Սուրբ կոյս Մարիամ անուան տաճարը ապա քաղաքի մշակոյթին պալատին բակին մէջ Մարեմեան բնոյթ ունեցող հանիդում կ՝ունենայ ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն հետ, անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը, որուն աւարտին, երեկոյեան 7,00ին կը վերադառնալ Պուխարեսթ մայրաքաղաք:

Կիրակի 2 յունիս 2019-ին , Ֆրանչիսկոս Պապ Պլաժ քաղաքի ազատութեան դաշտ անուան տարածքին վրայ կը նախագահէ յոյն –կաթողիկէ 7 մարտիրոս եպիսկոպոսներուն երանացման Սուրբ պատարագի արարողութեան, եւ այս առթիւ կը ներկայացնէ օրուան քարոզը: Սուրբ պատարագի աւարտին, նոյն տարածքէն, Սրբազան Հայրը կ՝արտասանէ աւանդական կիրակնօրեայ ուրախ լեր մարեմեան աղօթքը:
Յետմիջօրէին նախատեսուած է ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ու սրտի խօսքը Պլաճ քաղաքին հասարակութեան հետ որուն աւարտին Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով կը փոխադրուի Սիպիու քաղաքի օդակայան ուրկէ թռիչքով վերադարձ կը կատարէ Հռոմ ապա Վատիկան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 11:16