Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց առաքելական ներքին ատեանի խոստովանահայրերու դասընթացքին մասնակիցները:

Խոստովանանքի խորհուրդը սրբութեան ուղին է՝ ըլլայ խոստովանողին ըլլայ խոստովանահայրերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Առաքելական ներքին ատեանի կողմէ կազմակերպուած խոստովանահայրերուն 30- րդ դասընթացքի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայր ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ ողորմութեան- խոստովանանքի խորհուրդին, նշելով, որ խոստովանանքի խորհուրդը պատշաճ կազմաւորումի կարիք ունի, որպէսզի Աստուծմէ ներում խնդրող հաւատացեալներուն հետ հանդիպումը, Փրկութեան իսկական հանդիպում դառնայ եւ Տիրոջ ողջագուրումը՝ որ կարողութիւն ունի փոխելու, ապաշխարելու եւ ներելու, զօրեղ կերպով զգալի դառնայ, :

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ներքին ատեանի խոստովանահայրերուն դասընթացքի 30 ամեայ փորձառութեան, ընդգծեց անոր կարեւորութիւնը՝ եկեղեցւոյ կեանքին համար ինչպէս նաեւ Տիրոջ կողմէ յանձնուած առաքելութիւնը կատարելու համար:
Սրբազան Հայր զրուցեց խոստովանքի խորհուրդի կարեւորութեան մասին, նշելով որ Յիսուս աշխարհ եկաւ, Ողորմած Աստուծոյ դիմագիծը մեզի յայտնելու եւ ասոր համար միշտ պէտք ենք յիշել, որ խոստովանանքը սրբութեան ուղին է Յիսուսի արդիւնաբերեր նշանը, զոր ուեզեց Եկեղեցիին ձգել, որպէսզի Աստուծոյ դուռը միշտ բաց մնայ եւ մարդիկ միշտ կարենան Աստուծոյ վերադառնալ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ նաեւ որ խոստովանանքի խորհուրդը սրբութեան ուղին է՝ ըլլայ խոստովանողին ըլլայ խոստովանահայրերուն:  Խոստովանողին՝ որովհետեւ մեղքերու արձակումով խոստովանողը կը վերստանայ մկրտութեան անմեղութիւնը Եւ Աստուծոյ հետ լիակատար հաղորդութիւնը:  Խոստովանահայրերուն համար սրբութեան ուղին է,  երբ խոստովանահայրը ծունկի կու գան խոստովանարանին առջեւ եւ կը հայցեն Աստուծոյ ողորմածութիւնը: 

Սրբազան Հայր ապա նկատել տուաւ, որ խոստովանահայրերը ունին առանձնաշնորհում՝ միշտ մտածելու դարձի գալու հրաշքին մասին, որ շնորհքի զօրեղ ներգործութիւն է, կարող քարէ սիրտը մը միսէ սիրտի վերածելու: Ասոր համար ըսաւ Սրբազան հայրը ներքին ատեանը եկեղեցական կարեւոր ծառայութիւն մըն է, որ զայն կատարելով կը նպաստէ խոստովանքի խորհուրդը ուղիղ եւ արդիւնաբեր ձեւով մակակարելու: «Խոստովանքը բարիք մըն է, զոր եկեղեցւոյ իմաստութիւնը իր բոլոր բարոյական եւ իրաւագիտական ուժերով, զայն պահպանեց խորհուրդի կնիքով» ըսաւ

Ֆրանչիսկոս Պապ աղա եզրափակեց իր ճառը յորդորելով խոստովանահայրերը, ապագացու քահանաները, միշտ վեհանձնութեամբ ունկնդրելու հաւատացեալներուն խոստովանանքները ու անոնց հետ ընթանալու սրբութեան ուղիին վրայ: Ան յորդորեց նաեւ խոկալու դարձի գալու հրաշքներուն մասին, որ կը ներգործէ խոստովանանքի գաղտնիքին ներքեւ, հրաշքներ որոնց մասին յատկապէս քահանաներն ու հեշտականները վկաները կը հանդիսանան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2019, 11:43