Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին օր մոխրոցի օրուան քարոզը:

Քառասնորդաց շրջանը կը սկսի մոխիրով եւ վերջ կը գտնէ Զատկուան գիշերուան կրակով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 6 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէին, Հռոմի Սան Անսելմօ տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ ՝ Օր Մոխրոցի օրուան առթիւ:
Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայր մէջբերելով Սուրբ գիրքէն հատուած մը «սիօնի մէջ փող հնչեցուցէք, ծոմապահութեան օր որոշեցէք» (Յովելեայ 2, 15), Յովելեայ մարգարէի գիրքէն հատուած մը,  յայտնեց, որ  Քառասնորդացը կը բացուի զօրաւոր ձայնի հնչեղութեամբ, որ կը ծանուցանէ ծոմապահութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, թէ այդ Սուրբ Գիրքի զօրեղ ձայնը, հրաւէր է մեր արագընթաց կեանքը դանդաղեցնելու, կեանք մը, որ ստէպ չգիտեր դէպի ուր կ՝երթայ : Հրաւէր է պահ մը կանգ առնելու եւ երթալու էականին՝ ծոմ պահելով մակերեսային իրողութիւններէն:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց, թէ այդ զօրեղ ձայնը, Հոգիին համար զարթուցիչն է եւ այս զարթումի ձայնին կ՝ընկերանայ Տիրոջ՝ մարգարէին բերնով փոխանցած պատգամը «ինծի վերադարձէք»։ Վերադառնալ կը նշանակէ, թէ «Անորմէ շատ հեռացած ենք» ըսաւ Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացնելով քառասնորդացի խորհուրդին վրայ զայն համարելով ժամանակաշրջան մը՝ կեանքի ուղեցոյցը վերատգնելու, որովհետեւ, կեանքի ուղեւորութեան մէջ, ինչ որ արժէքաւոր է այն է,  չկորսնցնել կեանքի նպատակը  եւ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ինքզինք հարց տալ,  եթէ կը փնտռէ կեանքի ուղեցոյցը կամ ալ կը բաւարարուի առօրեան ապրելով,  քիչ մը զուարճանալով:

Կեանքի Երթուղին վերագտնելու համար Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր՝ մոխրոց օրը, մեզի շնորհուած է նշան մը, մեր գլխուն վրայ սրսկուած մոխիրը, նշան մը որ մեզի մտածել կու տայ, թէ ունինք գլուխ մը, որուն մտածումներ ստէպ կը հետապնդեն անցողակի բաներ, որոնք կ՝երթան ու կու գան: Ան ապա անդրադառնալով մոխիրին իմաստին, նշեց թէ մոխիրը, ճշմարտութեամբ եւ ազնուութեամբ մեզի կը հաղորդէ թէ, մեր գլխուն մէջ հետապնդած բաները, որոնց համար կը տքնինք, պիտի չգոյատեւեն եւ ոչ մէկ բան մեր հետ պիտի տանինք այս կեանքէն ետք:
«Երկրաւոր հարստութիւնները կ՝անհետանան նման փոշիին՝ հովին մէջ».  ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, քառասնորդացի ժամանակաշրջանը, այդ փոշիին հետեւելու ցնորքէն ձերբազատուելու շրջանն է : Քառասնորդացը եղած է բացայայտելու համար, որ մենք եղած ենք կրակի մը համար, որ կը միշտ կ՝այրի  եւ ոչ թէ մոխրի համար, որ մը մառի: Այսինքն Աստուծոյ համար եւ ոչ թէ աշխարհի համար, երկինքի յաւիտենականութեան համար եւ ոչ թէ երկրի խաբկանքի համար, որդիներու ազատութեան համար, ոչ թէ բաներու ստրկութեան համար, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց այս ուղղութեամբ Աւետարանի երեք հանգրուաններէ կազմուած առաջարկին,  որոնց վրայ Տէրը կը խնդրէ որ ընթանանք անկեղծօրէն. ողորմնաբաշխութիւն, աղօթք եւ ծոմապահութիւն :
Աղօթքը, մեզ կը վերահաստատէ Աստուծոյ մէջ , եղայրիսրութիւնը մերձաւորին մէջ, ծոմապահութիւնը  մեր անձին հետ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ: Աստուած, եղբայրներ եւ իմ կեանքս, իրականութիւններ են, որոնք կարելի չեն անհետանալ ոչնչութեան մէջ, որոնց համար պէտք է ներդրում կատարել: Քառասնորդացը մեզի հրաւէր է, մեր հայեացքը դէպի բարձունք սեւեռելու՝ աղօթքի միջոցաւ,  որ կ՝ազատագրէ հորիզոնական եւ տափակ կեանքէն, ուր ժամանակ կը գտնենք մեր ես-ին համար, առանց զԱստուած մոռնալու: Մեր հայեացքը դէպի բարձունք սեւեռելու եղբայրասիրութեան միջոցաւ, որ մեզ կ՝ազատագրէ ունենալու ունայնութենէն :

ի վերջոյ հրաւէր մեր է անձինմէջ նայելու՝ ծոմապահութեամբ, որ մեզ կ՝ ազատագրէ իրերու կապուածութենէն,  սիրտը սառեցնող աշխարիկութենէն: Աղօթք, եղբայրսիրութիւն, ծոմապահութիւն երեք ներդրումներ, մշտական գանձին համար: նշեց Սրբազան Հայրը ապա մէջբերելով Յիսուսի խօսքը «ուր է քու գանձը հոն է նաեւ քու սիրտդ: (Մատթ 6,21). դիտել տուաւ, որ սիրտը միշտ կը ձգտի ու կը կապուի բանի մը, եթէ սիրտը երկրաւոր բաներու կապուի. այդ սիրտը ստրուկ կը դառնայ : Եթէ ապրինք արտաքին երեւոյթներուն, դրամի, ասպարէզներու, ժամանցի համար, այդ երեւոյթները կը դառնան մեզ շահագործող կուռքեր, ինչպէս նաեւ ահազանգ:
Իսկ Եթէ մեր սիրտը կապուի ոչ անցողակի իրողութիւններուն.« մենք մեզ կը վերագտնենք ու ազատ կը դառնանք:» ըսաւ սրբազան Հայրը հաստատելով, որ Քառասնորդացը շնորհքի ժամանակն է, մեր սիրտը ունայնութենէ ձերբազատելու համար: Ժամանակն է հրապուրիչ կապուածութիւններէն ձերբազատուելու ու ժամանակն է մեր հայեցաքը կեդրոնացնելու խաչեցեալին վրայ՝ որ մեր կեանքի կողմնացոյցն է։

Յիսուս խաչին վրայէն մեզի կը սորվեցնէ հրաժարելու քաջութիւնը: Յիսուս խաչի փայտին վրայ, սէրով կը բոցավառուի եւ մեզ կը  հրաւիրէ իրմով բոցավառուած կեանք ապրելու, որ չ՝անհետանար աշխարի մոխիրներուն մէջ, կեանք մը,  որ կ՝այրի եղբայրսիրութեան մէջ եւ չմառիր կեղծաւորութեան մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը հարց տալով, եթէ դժուար է ապրիլ Յիսուսի խնդրանքի համաձայն ու պատասխանեց ըսելով «այո,  դժուար է սակայն,  Յիսուսի խնդրածը մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի նպատակ: Եւ այս մէկը ցոյց կու տայ քառասնորդացը : Քառասնորդաց շրջանը կը սկսի մոխիրով եւ վերջ կը գտնէ Զատկուան գիշերուան կրակով,  ուր Յիսուս գերեզմանին մէջ կը բացայայտուի ոչ թէ փոշի դարձած մարմինով այլ փառաւոր Յարութեամբ։ :
Այս մէկը կ՝արժէ նաեւ մեզի համար, որ փոշի ենք: եթէ մեր դիւրաբեկութեամբ, Տիրոջ վերադառնանք,  եթէ ընդգրկենք սիրոյ ուղին,  պիտի ողջագուրենք վերամուտ չունեցող կեանք մը, եւ միշտ ուրախ պիտի ըլլանք:» ըսաւ Սրբազան Հայրի եզրափակելով քարոզը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2019, 18:00