Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան 

Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակած երեք կարեւոր փաստաթուղթեր ։

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի տնօրէն Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 29 Մարտ 2019-ին հրապարակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող երեք կարեւոր փաստաթուղթեր, հայող Անչափահասներու եւ դիւրաբեկ չափահասներու պաշտպանութեան։ Անոնք են. Ինքնագիր նամակ մը, Վատիկան պետութեան հայող օրէնք մը եւ Վատիկան քաղաքի ու Հռոմի թեմին վերապահուած ուղեցոյց մը։

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Անտրէա Թորնիելլի, այս առթիւ հրապարակած իր խմբագրականին մէջ կը հաստատէ թէ այդ երեք փաստաթուղթերը ՝ անչափահասներուն պաշտպանութեան ուղիով առաջապահ կանոններ են։

Ունկնդրէ լուրը

Երեք փաստաթուղթեր ստորագրուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որոնք կը հրապարակուին անցեալ Փետրուար 2019-ին Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական վեհաժողովին որպէս արդիւնք։

«Յատուկ օրէնքներ ու կանոններ որոնք ունին տարբեր  հասցէատէր։ Առաջինը Վատիկանի Պետութեան մէջ աշխատող կղերականները, ուր սակայն հազուագիւտ է մանուկներու ներկայութիւնը, բայց եւ այնպէս անոնք շարադրուած են միջազգային առաջատար չափանիշերու հիման վրայ,  հակառակ որ կը հային աշխարհի մէջ իւրայատուկ մէկ իրականութեան որ է Վատիկանը» կը գրէ Թորնիելլի։

Ինքնագիր նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իղձեր կ՛արտայայտէ, որոնց շարքին՝ որ «բոլորին մէջ հասուննայ այն գիտակցութիւնը թէ պարտաւոր են ոտնձգութիւնները բացայայտել Իրաւասու մարմիններուն ու համագործակցիլ անոնց հետ կանխարգիլումի ու հակազդեցութեան գործունէութեան մէջ»։

Այն իրողութիւնը որ Քահանայապետը որոշեց անձամբ ստորագրել նաեւ թիւ 297 նոր օրէնքն ու ուղեցոյցը, փաստաթուղթեր որոնք կարող էին ստորագրուիլ Վատիկանի Պետութեան յանձնախումբի եւ Վատիկան քաղաքի Փոխանորդի կողմէ, կը նշանակէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց մեծապէս արժեաւորել այդ կանոնները։

Երեք փաստաթուղթերէն առաջինը կը հայի նոր օրէնքին, ուր առաջին  յօդուածին մէջ կը հաստատուի թէ «դիւրաբեկ է ամէն մէկ անձ որուն, հիւանդութեան, մարմնային ու հոգեբանական անկարութեան,  կամ նոյնիսկ ժամանակաւոր անձնական ազատութենէ զրկումի բերումով, կը սահմանուին  գիտակցելու կամ ցանկանալու կարողութիւնները եւ կամ յանցագործութեան դէմ դիմադրելու կարողութիւնը»։

Օրէնքի ուժով ներմուծուած նորութիւնները շատ են, առաջինը այն է թէ այսօրուընէ սկսեալ անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւնները, ոչ միայն սեռային, այլ նաեւ զոր օրինակ չարաշահումի կամ վատ վերաբերմունքի, կարելի էհետապնդել ինքնաբերաբար՝ ի պաշտօնէ,  հիմնաւորուած փաստերու վրայ, նոյնիսկ երբ ոտնձգութեան թիրախը բողոք չի ներկայցնէ։ 

Երկրորդ՝ այդ յանցագործութիւններուն դատապարտումի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ՝ անչափահասի 18 տարեկանը լրացումէն ետք, 20 տարիով։ Այլ մէկ նշանակալից նորութիւնը կը հայի բոլոր պետական պաշտօնեաներուն ու անոնց կողմէ՝ Վատիկանի դատական իշխանութիւններուն բողոք ներկայացնելու պարտականութեան, այն ժամանակ երբ կը տեղեկանան հարցին, բացի խոստովանանքի խորհուրդի պարագային։ Այսինքն բոլոր անոնք որոնք Վատիկանի Պետութեան մէջ, կամ դիւանագիտական մարզէն ներս, կը գործեն որպէս պետական պաշտօնեայ (որոնք Վատիկանի Պետութեան մէջ կը կազմեն գործողներուն 90 առ հարիւրը), պարտականութիւնն ունին, ոտնձգութիւններու պարագային,   տեղեկացնելու դատական իշխանութիւնները, ապա թէ ոչ իրենք եւս ենթակայ են պատիժի։

Նորութիւն է նաեւ Վատիկանի Պետութեան մէջ չարաշահումներու թիրախ անչափահասներուն համար յատկացուած ու մասնագէտներէ կազմուած նոր ծառայութիւն մը։

Վատիկան Քաղաքի ու Հռոմի թեմին վերապահուած Հովուական ուղեցոյցը ապա ուղղուած է բոլոր այն կղերականներուն որոնք կը բնակին Վատիկանի մէջ, կամ կը գործեն Վատիկան Քաղաքի կամ Հռոմի թեմի եկեղեցական հասարակութեան ներքոյ։ Այնտեղ կան անչափահասներուն հետ վերաբերմունքի մասին յստակ ու մանրամասն ուղղութիւններ։

 Սոյն  երեք փաստաթուղթերը կը հային Վատիկանի ու Հռոմի թեմին սակայն Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովը մօտ օրէն պիտի հրապարակէ տիեզերական եկեղեցւոյ վերապահուած հակա չարաշահումի գործելակերպի ուղեցոյց մը՝ինչպէս նաեւ նոր գործընթացի մը ուղեգիծ, որպէսզի աշխարհի բոլոր թեմերը կարողանան ուղիղ կերպով դիմագրաւել մանկապղծութեան հարցերը։

Ֆրանչիսկոս Պապին այս քայլը յստակ ու աներկիմաստ է «Անչափահասներու եւ դիւրաբեկ անձերու պաշտպանութիւնն համապարփակ մաս է աւետարանի պատգամին,զոր Եկեղեցին ու անոր բոլոր անդամները կանչուած են տարածելու աշխարհին մէջ»։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2019, 12:00