2019 եղբայրութեան քարոզարշաւ 2019 եղբայրութեան քարոզարշաւ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ՝ Պրազիլի եպիսկոպոսներուն «2019 եղբայրութեան քարոզարշաւ» ձեռնարկին առթիւ:

Քառասնորդացի սկիզբով հրաւիրուած ենք պատրաստուելու, ապաշխարութեան, ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ողորմնաբաշխութեան բարի գործերով, Տիրոջ մահուան եւ մեղքին վրայ յաղթանակին տօնակատարութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս, Պրազիլի ազգային համահաւաք դասի եպիսկոպոսները, օր մոխրոցի օրը, որ կը զուգադիպի 6 մարտ 2019-ին, պաշտօնապէս բացումը կատարեցին «եղբայրութիւն քարոզարշաւ» ձեռնարկին, որուն այս տարուան նիւթն է «եղբայրութիւն եւ հանրային քաղաքականութիւններ» եւ կարգախօսն է « պիտի փրկուիս իրաւունքով եւ արդարութեամբ» (Եսայիա 1, 27)»

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ յղած Պատգամին մէջ ֆրապչիսկոս Պապ նշեց թէ քառասնորդացի սկիզբով հրաւիրուած ենք պատրաստուելու, ապաշխարութեան, ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ողորմնաբաշխութեան բարի գործերով, Տիրոջ մահուան եւ մեղքին վրայ յաղթանակին տօնակատարութեան։

Այս ուղեւորութիւնը լուսաւորելու նպատակով «Եղբայրութեան քարոզարշաւը» Պրազիլի քրիստոնեաներուն կ՛առաջարկէ այդ մէկը ընել «հանրային քաղաքականութիւններու» հորիզոնով գրեց Սրբազան Պապը նշելով, որ հանրային քաղաքականութիւնը, պետութեան մը պատասխանատուութիւնը ըլլալով հանդերձ, որուն նպատակն է երաշխաւորել քաղաքացիներուն հասարակաց բարիքը, բոլոր անհատներն ու հաստատութիւնները, իրենք զիրենք դերակատարներ զգալու են այն բոլոր ձեռնակներուն եւ գործունէութիւններուն որոնք կը զարգացնեն ընկերային կեանքի այն բոլոր պայմանները որոնք թոյլ կու տան ու կը դիւրացնեն մարդոց եւ ընտանիքներու- ինչպէս նաեւ ընկերակցութիւններուն՝ կատարելիութեան լիուլի իրագործումը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց Պրազիլի ժողովուրդը, իրենց գործօն մասնակցութիւն բերելու, ընկերութեան գործունէութիւններէն ներս, մերձաւորին հանդէպ այն շօշափելի սէրով, որ թոյլ կու տայ եղբայրութեան մշակոյթի մը կառուցումը հիմնուած իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց քաղաքական գործիչները , ժողովուրդի մատուցած իրենց ծառայութիւնը ՝ սիրով ապրելու, ու ժողովուրդին տառապանքներու եւ յոյսերու զօրաւիգ կանգնելու, առաջնակարգ տեղ դնելով հասարակաց բարիքը քան անձնական շահերը:
Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթեց, որ այս տարուան քառասնորդացի ուղեւորութիւնը՝ եղբայրութեան քարոզարշաւին լոյսին ներքոյ, օժանդակէ բոլոր քրիստոնեաներուն, իրենց սիրտերն ու աչքերը բաց պահելու , տեսնել կարենալու համար կարիքաւոր եղբայրներուն մէջ, Քրիստոսի մարմինը որ կը սպասէ որ մենք ճանչնանք ու խնամենք զինք։ Այդպէսով Յարութեան փոխակերպիչ ու նորոգիչ ուժը պիտի հասնի բոլորին ու Պրազիլը դառնայ աւելի եղբայրական ու արդար պետութիւնը մը գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարտեց հայեցլով Ափարերիստայի Տիրամօր բարեխօսութիւնը հուսկ Պրացիլի համայն ժողովուրդին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2019, 12:05