Որոնել

2019.03.04 Officiali Archivio Segreto Vaticano 2019.03.04 Officiali Archivio Segreto Vaticano 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբի անդամները:

Ապագայի կառուցման հզօրացման համար կիները, երիտասարդները եւ աղքատները առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 4 մարտ 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճէն ներս ընդունեց Լատին Ամերիկիոյ քահանայապետական յանձնախումբիn 35 անդամներէ կազմուած խումբ մը, որոնք Վատիկանի մէջ հետեւած էին «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը եւ քաղաքական յանձնառութիւնը Լատին Ամերիկայի մէջ» նիւթով գիտաժողովին: 

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ներկաներուն յիշել տուաւ, որ քաղաքականութիւնը պարզապէս իշխանութեան արուեստ մը չէ այլ ծառայութեան կոչում մը՝ սերունդներուն հասարակաց բարիքին ի խնդիր:

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ քրիստոնեային կոչումը, յատուկէն քաղաքականութեան կոչումը կը ծնի հասարակութեան մը մէջ եւ հասարակութեան առաջին նշաններէն մին է, անդամներուն միջեւ բարեկամութիւնը, որ կը յայտնաբերուի Քրիստոսի մարդեղութեան մէջ:
Խօսելով կաթողիկէ քաղաքականութեան մասին, Սրբազան Հայրը նկաել տուաւ,  որ իբրեւ կաթողիկէ՝ քաղաքականութեան մէջ յանձնառու ըլլալ,  չնշանակեր մաս կազմել կամ հպատակիլ խումբի մը,  կազմակերպութեան մը,  կամ ակումբի մը,  այլ կը նշանակէ հասարակութեան մը մէջ ապրիլ՝ բարեկամութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ Կաթողիկէ քաղաքագէտին նպատակը պէտք է ըլլայ հասարակաց բարիքի կառուցումը ու մէջբերեց Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի խօսքը. « իսկական քրիստոնեան պէտք է իր հաւատքը նախընտրէ եւ ցոյց տայ արդարութեան ի սպաս մղած պայքարը, որ է Աստուծոյ արքայութեան արդարութիւնը եւ ոչ թէ այլ արդարութեան :
Քաղաքականութիւնը ծառայութեան կոչում մըն է, լոկ այսպէս յղանալով է որ,  քաղաքականութիւն մը կրնայ օգնել ժողովուրդին՝  իր պատմութեան դերակատարը դառնալ եւ արգելք հանդիսանալ բոլոր այն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, որոնք կը կարծեն թէ իրենք են ամէն ինչ որոշողները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա, ապագային կառուցման հզօրացման համար շեշտը դրաւ կիներուն, երիտասարդներուն եւ աղքատներուն կարեւորութեան վրայ:  Կիներ, որովհետեւ անոնք յոյսը կը կրեն, որովհետեւ,  Լատին Ամերիկայի մէջ յոյսը իգական դիմագիծ ունի  ըսաւ Ան: Երիտասարդները,  որովհետեւ անոնց մէջ կը բնակին դժգոհութիւններն եւ այն դիմադրութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են իսկական փոփոխութեան խթանման: Աղքատները , մեկուսացեալները, որովհետեւ եկեղեցին անոնց մէջ կը մարմանցնէ իր նախատընրանքը :
Կիները, երիտասարդները, մեկուսացեալները  դերակատարներն են ժամանակաշրջանի մը փոփոխութեան  եւ անոնք իսկական յոյսի ենթականերն են: ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով որ անոնց ներկայութիւն՛, ուրախութիւնները, յատուկէն անոնց տառապանքները զօրեղ ահազանգ է ՝ հանրային կեանքի պատասխանատուներուն, ու անոնց կարիքներուն ընդառաջելու համար մեծ տեղ կը գրաւէ հասարակաց բարիքի կառուցումը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց հրաւիրելով քաղաքականութեան մէջ ներկայ գտնուելու  եւ այդ քաղաքականութիւնը կատարելու ներշնչուելով Աւետարանէն: Հուսկ քաջալերեց ներկաները, իրենց հաւատքը ամենայն ազատութեամբ ապրելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2019, 13:46