Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Հռոմի թեմի կղերական դասին հետ:

Քրիստոս մէզի ապրիլ կու տայ այն փորձառութիւնը, որ առանց իրեն բոլորս փոշին ենք :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս անուան տաճարին մէջ ֆրանչսիկոս Պապ նախագահեց աւանդական քառասնորդացի ծոմապահութեան շրջանին սկիզբի, ապաշխարութեան արարողութեան, ներկայութեամբ Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոսին ու կղերական դասին:

Հռոմի թեմի տեղակալ Եպիսկոպոս կարդինալ՝ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը ներկայացուց օրուան մտածականի նիւթը ապա Քահանայապետը մի քանի քահանաներուն մատակարարեց խոստովանանքի խորհուրդը ու ներկաներուն նուիրեց քառասնորդաց շրջանի մասին խորհրդածութիւններուն փոքրիկ գրքոյկ մը:

Արարողութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամը ուղղեց քահանաներուն շեշտը դնելով մի քանի կարեւոր կէտերու վրայ ։
Գրեթէ անպատրաստից ուղղած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց քահանաները, ինքնահաճումի եւ ինքնաբաւարարումի լուծին չենթարկուելէ, ու չկարծել թէ իրենց արժանիքով ու նախաձեռնութեամբ է որ կը պատկանին Աստուծոյ ժողովուրդին։ Պապը անոնց յորդորեց ամէն բանի կեդրոն զտեղել զ Աստուած :
Սրբազան Հայրը ընդգծեց նաեւ հոգեւոր կսկիծը գիտնալ ապրելու կարեւորութիւնը քաջալերելով կղերականները չվախնալ հոգեւոր թախիծի պահերը ապրելէ, ինչպէս ապրեցաւ Իսրայէլի ժողովուրդը, ըսաւ Ան, քաջալերելով կղերականները Աստուծոյ ժամանակաւոր բացակայութիւնը ապրիլ որպէս պարգեւ, մերժելով միշտ կուռքի այլընտրանքի ուղիները:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց քահանաներն ու եպիսկոպոսները քառասնորդաց այս շրջանին քարոզել, Աստուծոյ ՝ իր Ժողովուրդի նկատմամբ սէրն ու նախանձախնդրութիւնը: Յորդորեց անոնց անկեղծ երկխօսութիւն կատարել Քրիստոսի հետ եւ իրենց զիրենք չնկատել որպէս ժողովուրդի մատակարար այլ իբրեւ ծառաներ որ կը մերժեն կաշառակերութիւնը::

Ֆրանսիսկոս Պապ անդրադառնալով վերջերս սեռային բռնութեան արարքներուն գայթակղութեան ՝ գործադրուած կարգ մը եկեղեցականութիւն կողմէ , դիտել տուաւ որ Քրիստոսն է որ կը բիւրեղացնէ իր հարսը եւ բոլորը իրեն վերադառնալու դարձի կը բերէ: Քրիստոս մէզի ապրիլ կու տայ այն փորձառութիւնը, որ առանց իրեն բոլորս փոշին ենք ըսաւ Սրբազան Պապ ու խորհրդածութիւնը աւարտեց Հռոմի կղերին անդամները հրաւիրելով Աստուծմէ ու եղբայրներէ ներում հայցել, այն ամէն բոլոր մեղքերուն համար, որոնք կը սպառնան եկեղեցական հաղորդութիւնը եւ կը խեղդեն առաքելական ուժականութիւնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2019, 09:25