Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Մարոքի մէջ կղերական դասի անդամներուն հետ:

Յիսուս մեզ չ՝առաքեց մէծ թիւ դառնալու համար, այլ եղբայութեան, կարեկցութեան թթխմորը դառնալու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարոք կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, կիրակի 31 մարտին, Ռապաթ քաղաքին Սուրբ Պետրոսի անուամբ մայր տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ քահանաներուն, նուիրեալ աձներուն եւ եկեղեցիներուն համամիութենական խորհուրդի անդամներուն հետ:

Հանդիպումի սկիզբը, ներկաներէն Հայր Ճերէն եւ Քոյր Մէրի վկայութիւններ տուին իրենց ապրած կեանքի մասին: Վկայութիւններէն ետք խօսք առաւ ֆրանչիսկոս Պապ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլորին, ակնարկեց Մարոքի մէջ քրիստոնեաներուն փոքր թիւին, զանոնք նկատելով իբրեւ թթխմոր, նման Աստուծոյ արքայութեան, զոր Մայր եկեղեցին կ՝ուզէ շաղել մեծ քանակութեամբ ալիւրին մէջ, մինչեւ որ անիկա բազմապատկուի: ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Յիսուս մեզ չընտրեց ու մեզ չ՝առաքեց որպէսզի մեծ թիւ դառնանք: Ան մեզ կանչեց առաքելութեան մը համար: Մեզ զետեղեց փոքր ընկերութեան մը մէջ՝ նման այդ թթխմորի՝ երանութիւններուն թթխմորը եւ եղբայրութեան սէրը, որուն մէջ բոլորս իբր քրիստոնեաներ կարենանք իրարու հանդիպիլ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը ներկայ դարձնելու համար:յարեց ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ հաւատացեալներուն, քահանաներուն, նուիրեալ անձերուն առաքելութեան, ընդգծելով կարեկցութեան հրապոյրը հրահրելու կարողականութեան հրամակայանը:Նորին Սրբութիւն նկատեց, թէ փոքր թիւ ըլլալը հարց մը չէ, այլ հարց է այն ժամանակ երբ անիմաստ կը դառնանք, երբ կը կորսնցնենք համը՝ աւետարանի աղին, կամ ալ երբ կը դառնանք լոյս մը որ չի լուսաւորեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Պօղոս Զ-ի խօսքը «եկեղեցին պէտք է երկխօսութեան մէջ մտնէ այն աշխարհի հետ, որուն մէջ կ՝ապրի: Եկեղեցին կը խօսի , եկեղեցին կը պատգամէ , եկեղեցին բանակցութիւն կը կատարէ:
Ան յիշելով նաեւ Երանելի Շարլ Տէ ֆուքոն, նշելց թէ երանելիին կեանքը խորապէս բնորոշուած էր Յիսուսի Նազարեթի մէջ ապրած թաքուն եւ համեստ կեանքէն եւ ուզեզ ըլլայ տիզերական եղբայր մը աւեցնելով «այդպէսով Եկեղեցին, հաւատարիմ Տիրոջ կողմէ իրենց յանձնուած առաքելութեան, երկխօսութեան մէջ կը մտնէ աշխարհի հետ ու այդ երկխօսութիւնը կը դառնայ զրոյց ու կը մասնակցի այն եղբայրութեան, որ իր արմատները կը գտնէ Աստուծոյ Հայրութեան մէջ ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ այդ զրոյցը հուսկ կը դառնայ նաեւ Աղօթք, որ կարելի է կատարել ամէն օր յանուն մարդկային եղբայրութեան, որ կողջագուրէ՛ համայն մարդկութիւնը ու զանոնք կը միացնէ ու հաւասար կը դարձնէ։
Աղօթք մը որ չգիտեր զարտուղութիւն ընել, չի բաժներ եւ ոչ ալ կը մեկուսացնէ, այլ կը դառնայ արձագանգ մերձաւորին կեանքին: Կը դառնայ աղերս, որ կարող է Հօր ըսել «թող գայ քու արքայութիւնդ»: Աղօթք՝ ոչ թէ ատելութեամբ ու բռնութեամբ, ոչ ալ ցեղային, կրօնական- տնտեսական գերիշխանութեամբ, այլ բոլոր մարդոց համար Խաչին մէջ յայտնուած կարեկցութեան ուժով: «Այս է ձեր շատերուն կողմէ ապրուած փորձառութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց, իբր Քրիստոսի առաքեալներ Մարոքի մէջ ամէն օր կատարուած աշխատանքներուն համար՝ երկխօսութեան, գործակցութեան, բարեկամութեան միջոցաւ՝ սերմանելու համար յոյս ու ապագայ :
Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց եւ մաղթեց որ տեսանելի դառնայ Քրիստոսի սիրոյ ներկայութիւնը, Քրիստոս, որ աղքատացաւ մեզի համար, մեզ իր աղքատութեամբ հարստացնելու համար: Քաջալերեց դէմ յանդիման գալու ընկերութեան եզրին գտնուող մարդոց , աղքատներուն, բանտարկեալներուն, գաղթականներուն::
Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց միսիոնարներուն կատարած առաքելութեան համար նշելով, որ անոնք յաղթական պատմութեան մը վկաներն են, յաղթական որովհետեւ լի է յոյսերով ու զոհաբերումներով, առօրեայ պայքարով եւ ծառայութեան մէջ սպառուած կեանքով ու հետեւողական աշխատանքով:

Ան խօսքը եզրափակեց շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները եւ Հայցելով Սուրբ Հոգիէն, որ զօրաւիգ կանգնի բոլորին, երկխօսութեան, արդարութեան, խաղաղութեան ճշմարտութեան եւ սիրոյ արդիւնաբեր պտուղներ դառնալու համար, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ սիրուած այս երկրին մէջ աճի մարդկային եղբայրութիւնը: ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը:
Ան ապա նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 18:30