Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական մանկաբուժներու դաշնութեան բժիշկները: Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական մանկաբուժներու դաշնութեան բժիշկները: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական մանկաբուժներու դաշնութեան բժիշկները:

Նորին Սրբութիւնը գնհատեց դաշնութեան մանուկներու ի նպաստ մատուցած ծառայութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 21 մարտին, կէսօրին, Վատիկանի «Պապերու դահլիճ» անուան սրահէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական մանկաբուժներու դաշնութեան բժիշկները, փոխանցելով անոնց գրաւոր պատգամ մը:
Այս առթիւ ներկայացուցած գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց դաշնութեան տարիներու հոլովոյթին, ազգային առողջապահական ծառայութեան ծիրէն սատարած նպաստը ինչպէս նաեւ անձերուն, քաղաքացիներուն առողջապահութեան ի շահ իրագործած ծրագիրները:
Ան ապա ակնարկելով դաշնութեան անչափահասներու նկատմամբ, առողջապահական սպասարկութեան , ընդգծեց այդ ծիրէն ներս արհեստավարժ կազմաւորումի թարմացումի կարեւորութիւնը եւ հետազօտական ծրագիրներուն մշակումը, նպաստելու համար մանուկներուն առողջապահութեան պաշտպանութեան մշակոյթի խթանման:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը ապա ընդհանուր ակնարկ կատարելով, մարդկային մարմնի առողջապահական ծիրէն ներս արձանագրուած արդի ընկերային եւ արհեստավարժ զարգացումներուն, անհրաժեշտ նկատեց առողջապահական լուրջ կրթական յայտագիրի մը իրականացումը ՝ ի շահ մարդկային մարմնի յարգանքի, եւ կանխարգիլելու համար որ յառաջդիմութիւնը չվնասէ անհատին:
Նորիս Սրբութիւն ակնարկեց դաշնութեան գիտական հանգամանքին, յորդորեց ներկաները միշտ լրջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, ներառական եւ զօրակցական առողջապահական մշակոյթի մը խթանները դառնալու, դիտել տալով, որ ներկայ ժամանակներուն, բուժումը եւ կանխարգիլումը ստէպ վերապահուած է հարուստ դասակարգի մարդոց, քաջալերով մանկաբուժները ջանք չխնայելու, որպէսզի առողջապահական համակարգը բոլորին համար ապահովուի որպէս անձին իրաւունք:
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ բժիշկներուն քրիստոնեայ կազմաւորման, խրախուսելով զանոնք ուրիշներուն համար մարդկայնութեան որպէս տիպար ունենալ Յիսուսի անձը որ է մօտիկութեան եւ քնքշութեան ակնաղբիւր::
«Կարդալով եւ ստէպ դարձեալ կարդալով աւետարանի էջերը, որոնց մէջ Յիսուս կը հանդիպի հիւանդներուն, դուք կը քաղէք միշտ նոր աւիշ, ձեր էութեան եւ ձեր գործունէութեան: համար» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց մանկաբուժներու, մանուկներուն ծնողաց հետ յարաբերութեան նշելով որ ծնողները մարդկային գետնի վրայ բժիշկներէն կ՝ակնկալեն ապահովութիւն եւ վստահութիւն:
Ինչ կը հայի մանուկներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց բժիշկները միշտ ի միտ ունենան Յիսուսի խօսքը « մանուկներներ մաս կը կազմեն Աստուծոյ Արքայութեան: »

Ան եզրափակեց իր գրաւոր պատգամը մէջբերելով դաշնութեան անդամ հեղինակաւոր բժիշկէ մը խօսքը, որուն մէջ կը յորդորէ մանկաբուժները հիւանդութենէն, ներկայէն անդին նայելու եւ մտածելու ոչ միայն իրենց խնամակալութեան տակ գտնուող հիւանդին մասին, այլ բոլոր հիւանդներուն:
«Այս ապրելակերպով դուք կու տաք քրիստոնէական վկայութիւն մը , որովհետեւ դուք կը կիրակէք աւետարանի արժէքները եւ ձեր եկեղեցւոյ պատկանելիութեան իմաստը» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամի աւարտին եւ շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2019, 13:00