Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական քաղցկեղային հիւանդութիւններու ընկերակցութեան անդամները։

Գիտութիւնը զօրեղ միջոց մըն է լաւապէս ըմբռնելու՝ ըլլայ մեզ շրջապատող բնութիւնը ըլլայ մարդկային առողջապահութիւնը :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 2 մարտին՝ կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալական քաղցկեղային հիւանդութիւններու ընկերակցութեան անդամները՝ ընկերակցութեան հիմնադրութեան 50 ամեակի առթիւ:

Ունկդնդրէ լուրը

Այս առթիւ յղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան՝ քաղցկեղային հիւանդութիւններուն ծիրէն ներս կատարած փնտռտուքի աշխատանքներուն համար , ողջունելով նաեւ բոլոր անոնք որոնք կը կիսեն ընկերակցութեան բարի նպատակները

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով գիտական գետնի վրայ առողջապահական մարզէն ներս ձեռքբերուած յաջողութիւններուն, ներկաներուն դիտել տուաւ, որ գիտութիւնը զօրեղ միջոց մըն է լաւապէս ըմբռնելու՝ ըլլայ մեզ շրջապատող բնութիւնը, ըլլայ մարդկային առողջապահութիւնը ու այս առնչութեամբ յայտնեց, թէ եկեղեցին միշտ քաջալերած է գիտական փնտռտուքի ինչպէս նաեւ տառապող անձերուն խնամք տանելու ամէն ջանք:
Նորին Սրբութիւնը ապա գնահատեց տասնեակ տարիներու հոլովոյթին, իտալական ընկերակցութեան իրականացուցած թանկարժէք աշխատանքները, որոնց շնորհիւ , ազգային գետնի վրայ ընկերակցութիւնը դարձաւ կարեւոր ներկայութիւն՝ ի սպաս հիւանդներուն ծառայութեան, ամոքելով հիւանդներուն ցաւերն ու մօտիկ կագնելով մեկուսացեալներուն:

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նաեւ հիւանդ այր մարդոց ու կիներուն մօտիկ կանգնող բոլոր կամաւորներուն կատարած վեհանձն աշխատանքն ու անոնց տուած վկայութիւնը, նշելով թէ այդ կամաւորները նման Տիրամօր, որ Խաչեցեալ Յիսուսի մօտ կանգնեցաւ, հիւանդներու անկողիններուն մօտ գտնուելով, դարձան սփոփանքի եւ քնքշութեան ներկայութիւն, կատարելով Յիսուսի մեզի տուած սիրոյ պատուէրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաւ այն բոլոր հիւանդները, որոնք իրենց հիւանդութեան պատճառաւ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուին հիւանդանոցներուն սենեակներուն մէջ ու ինքզինքին աշխարէն ու ընկերութենէ կղզիացած կը զգան, անոնց ապահովեցուց ըսելով թէ անոնք մինակ չեն եւ թէ Տէրը, որ խաչի վիտշը ապրեցաւ անոնց մօտ կը գտնուի:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ մատրանապետներուն, սարկաւագներուն, որոնք եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը կը ցուցաբերեն տառապողներուն ու հիւանդներուն, ընդգծեց թէ անոնց հոգեւոր եւ եղբայրական վկայութեան միջոցաւ, համայն հաւատացեալներն են որ կը խնամեն ու կը սփոփեն տառապողները, դառնալով բուժիչ հասարակութիւն մը, որ շօշափելի կը դարձնէ Յիսուսի փափաքը, որպէսզի բոլորը մէկ ըլլան՝ սկսեալ ամէն շատ տառապողներէն ու խոցելիներէն։

Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով իտալական ընկերակցութեան անդամներուն, որ գիտական փնտռտուքի յաջողութիւնները, խթան հանդիսանան խնամելու եւ բարելաւելու հիւանդ անձերուն կեանքը: Ան ապա շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրեց, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2019, 13:30