Որոնել

Ողողումներ Իրանի տարբեր վայրերուն մէջ Ողողումներ Իրանի տարբեր վայրերուն մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնը Իրանի մէջ ողողումներուն պատճառած զոհերուն ի լուր:

Իրանի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած է ողողումներ, որոնց պատճառով արձանագրուած են անթիւ զոհեր ու նիւթական մեծ վնասներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իրանի զանազան քաղաքներու մէջ տեղատարափ անձրեւի հետեւանքով,  ողողումներու պատճառով արձանագրուած են անթիւ մարդկային զոհեր ու նիւթական ծանր վնասեր:
Ի լուր այս տխուր բնական աղէտին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, չորեքշաբթի, 27 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց որուն մէջ նշեց , թէ
Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր տխրութիւնը կը յայտնէ Իրանի զանազան շրջաններուն մէջ ողողումներուն պատճառած զոհերուն համար:
Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը կ՝ապահովուէ աղէտի թիրախ զոհերուն, յանձնելով մեռեալներուն հոգիները ողորմած Աստուծոյ սիրոյն:
Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածային զօրութեան, մխիթարանքի օրհնութիւնները կը հայցէ աղէտի թիրախ տառապողներուն: Ան իր աղօթքը կ՝ապահովէ շտապ օգնութեան փութացող կամաւորներուն եւ բոլոր անոնք որոնք կը գործեն ամոքելու համար տառապողներուն ցաւերը:
Ֆրանչիսկոս Պապ Իրանի Ժողովուրդը կը յանձնէ Ամենակալի նախախնամութեան: Գրած է Կարդինալ Փարոլին ցաւակցան գիրին աւարտին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2019, 13:31