Որոնել

Տիգրիս գետին մէջ ընկղմած նաւը: Տիգրիս գետին մէջ ընկղմած նաւը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը Տիգրիս գետին մէջ շոգենաւի արկածին ի լուր:

Մոսուլի հիւսիսը Տիգրիս գետին վրայ շոգենաւի մը ընկղմելուն պատճառով արձանագրուած են 83 զոհեր,:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հիւսիսային Իրաքի մէջ` Մոսուլի հիւսիսը Տիգրիս գետին վրայ շոգենաւի մը ընկղմելուն պատճառով արձանագրուած են 83 զոհեր, ներառեալ կիներ եւ մանուկներ: Շոգենաւին մէջ գտնուողներէն 41-ը փրկուած են, մնացեալին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:
Այս տխուր աղէտին ի լուր, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր մը յղեց Իրաքի քաղաքացիական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն, որուն մէջ գրած է :

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր տխրութիւնը կը յայտնէ, Մոսուլի Տիգրիս գետին մէջ շոգենաւի աղէտի պատճառած զոհերուն համար :
Նորին Սրբութիւնը իր անկեղծ զօրակցութիւնը յայտնելով իրենց հարազատներուն մահը ողբացողներուն, Ամենակալ Աստուծոյ կը յանձնէ մեռեալները եւ իր աղօթքը կ՝ապահովուէ տեղական իշխանութիւններուն , շտապ օգնութեան հասնող կամաւորներուն:
Սրբազան Հայրը Աստուածային սփոփանքի, ամոքումի եւ զօրութեան օրհնութիւններ կը հայցէ Իրաքի համայն ազգին համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 11:10