Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւրոպական հեծանուորդութեան մարզիկները:

Նարզիկները օժտուած են այն բացառիկ հնարաւորութեամբ, այն է բոլորին հաղորդել, յատուկէն երիտասարդներուն, կեանքի դրական արժանիքներն ու փափաքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եւրոպական հեծանուորդութեան տարեկան համագումարին մասնակիցները: Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ մարզանքի եւ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութեան, նշելով որ այդ յարաբերութիւնը ունի երկար պատմութիւն մը եւ ժամանակի հոլովոյթին միշտ ամրապնդուած է :

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը ընդգծեց , թէ մարզանքը յոյժ օգտակար է մարդկային կեանքի եւ իրաքանաչիւր անհատի աճումին համար , որովհտեւ անիկա խթան է ամէն մէկ անհատին իր լաւագոյնը տալու, որոշ նպատակի մը հասնելու համար: Մարզանքը ըսաւ Սրբազան Հայրը կը դաստիարակէ անձը, հետեւողական ըլլալու եւ զոհողութեան ու հրաժարումի հոգի ունենալու ինչպէս նաեւ կը սորվեցնէ չվհատելու եւ վճռականութեամբ վերսկսելու՝ պարտութենէ մը կամ ալ արկածէ մը ետք:

Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով հեծանուորդութեան մարզանքի վրայ ըսաւ, որ այդ մարզանքը ի յայտ կը դնէ կարգ մը առաքինութիւններ. յոգնութեան դիմադրութեան, քաջութեան եւ ամբողջականութեան առաքինութիւնները:
Հեծանուորդութեան մրցոյթի ժամանակ ամբողջ խումբ մըն է, որ կը մրցակցի, ուր յաճախ իւրաքանչիւր մարզիկ կը զոհուի իր խմբապետին համար, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով մարզիկները կեանքի մէջ մշակել եղբայրսիրութեան հոգին, վեհանձնութեան եւ հասարակութեան հոգին, օժանդակելու համար ետին մնացողին, որ կարիքը ունի օգնութեան, որոշ նպատակի մը հասնելու համար:
Ֆրանսիականս Պապ ապա դիտել տալով, որ բազմաթիւ հեծանուորդներ իրենց լաւագոյնը տալով, տիպար հանդիսացան իրենց ամբողջականութեան եւ հետեւողականութեան, ապա ընդծծեց թէ մարզիկները օժտուած են այն բացառիկ հնարաւորութեամբ, որ է բոլորին հաղորդել, յատուկէն երիտասարդներուն, կեանքի դրական արժանիքներն ու փափաքները՝ այդ իղձերը իրականացնելու ազնուական բարձր նպատակներուն համար :

Նորին Սրբութիւն յարեց նաեւ, որ երբ մարզանքը ինքնանպատակ կը դառնայ եւ մարզիկը միջոց կը դառնայ, ուրիշներուն շահերու ծառայութեան համար՝ շահոյթի եւ հեղինակութեան նպատակաւ, այն ժամանակ ի յայտ կու գան խանգարումներ, որոնք կ՝ապականեն մարզանքը ու յառաջ կու գան ուրիշին հանդէպ յարգանքի պակասը, անպարկեշտութեան ու կաշառակերութեան երեւոյթներ:
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը յանձնարարելով մարզիկները, հոգ տանելու երիտասարդներուն, անսալու ու սրտանց հոգալու անոնց սպասումներուն:
Ան յորդորեց նաեւ մարզիկները ընկերանալու նոր սերունդներուն, առանց կորսնցնելու առողջ աւանդութիւններն ու ժողովրդական այն մշակոյթը որ աշխարհի շատ մը երկիներու մէջ կ՝ընկերանան հեծանուորդութեան ու անոր ախոյեաններուն:
Նորին Սրբութիւն հրաժեշտ առաւ ներկաներէն բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրինութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2019, 13:03