Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մերժած է Կարդինալ Պարպարէինի ներկայացուցած հրաժարականը:

Կարդինալ Պարպարէն ժամանակաւոր կերպով պիտի քաշուիլ եւ Լիոնի թեմի տեղակալ՝ հայր Իվես Պոքարթէն խնդրած է, որ թեմին ղեկը ստանձնէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիոնի թեմի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Պարպարէն, մանուկներու սեռային չարաշահումի արարքները թաքցնելու մեղադրանքով դատապարտուած ըլլալուն պատճառով իր հրաժարականը ներկայացուցած է ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առնչութեամբ, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեստանտրօ Ճիզոթին, երեքշաբթի, 19 մարտին, յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը չէ ընդունած Կարդինալ Պարապարէնի հրաժարականը: Նորին Սրբութիւնը, Լիոնի արքեպիսկոպոսին ազատ թողած է, թեմին հայող որոշումներուն լաւագոյնը ընտրելու:
Ալեստանրօ Ճիզոթի տեղեկացուց նաեւ, թէ Կարդինալ Պարպարէն որոշած է ժամանակաւոր կերպով քաշուիլ եւ Լիոնի թեմի տեղակալ՝ հայր Իվես Պոքարթէն խնդրած է որ թեմին ղեկը ստանձնէ:

Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ իր մօտիկութիւնը սեռային չարաշահումի զոհերուն նկատմամբ ինչպէս նաեւ Լիոնի թեմի հաւատացեալներուն եւ Ֆրանսային համայն եկեղեցւոյ որ ցաւալի յատուկ ժամանակաշրջանի մը մէջ կ՝ապրին : ըսած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 10:18