Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հռոմի քաղաքապետարան այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Հռոմի բնակիչները:

Պապին սրտին մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ բոլոր անոնց որոնք չեն կիսեր քրիստոնեայ հաւատքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 26 մարտին, Հռոմի Քամփիտոլիոյ քաղաքապետարանի տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի խօսք ուղղեց հանդիպումի ներկայ գտնուող եւ Հռոմի համայն քաղաքացիներուն:
Ողջոյնի Խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի քաղաքացիներուն ՝ անոնց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն համար:
Ան ապա ակնարկելով Հռոմի եկեղեցւոյ լուսաւոր դիմագիծին, յայտնեց թէ Եպիսկոպոսին՝ Պապին ինչպէս նաեւ Հռոմի համայն քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է առարկայականօրէն գործել, միշտ լուսաւոր պահելու եկեղեցւոյ դիմագիծը, որ Քրիստոսի ճառագայթող լոյսով կը վերանորոգէ սիրտերը:
Նորին Սրբութիւն ապա նշեց թէ Պապին սրտին մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ բոլոր անոնց որոնք չեն կիսեր քրիստոնեայ հաւատքը, ապահեցնելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը բոլորին ինչպէս նաեւ քաջալերելով , որ անոնք ամէն օր եղբայրութեան եւ զօրակցութեան արուեստագէտները դառնան:
Սրբազան Հայրը ապա Հռոմի բնակիչները յորդորեց մէկը միւսին հոգ տանելու , նեցուկ գտնուելու եւ յարգելու, դիտել տալով որ անոնք այսպէս կատարելով կը մարմնացնեն այս քաղաքին ամենէն գեղեցիկ արժէքները. միացած հասարակութիւն մը, որ կ՝ապրի ներդաշնակութեան մէջ եւ կը գործէ ոչ միայն արդարութեան համար համար՝ այլ արդարութեան հոգիով: ըսաւ Սրաբան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով այս հանդիպուին համար , ապա Տիրոջմէ հայցեց, որ Իր Շնորհքներով եւ օրհնութիւններով լիացնէ Հռոմի քաղաքացիները եւ ինչպէս միշտ խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 11:34