Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Հռոմի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն առօրեայ աշխատանքներն ու Հռոմ քաղաքի բարելաւման մատուցած անոնց ծառայութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի քաղաքապետարան այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ քաղաքապետարանին պաշտօնեաներուն ու անոնց հարազատներուն հետ:
Այս առթիւ յղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց հիրւընկալութեան համար , ապա գնահատեց քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն առօրեայ աշխատանքները դիտել տալով որ անոնց առօրեայ աշխատանքի յանձնառումով, կարելի կը դառնայ քաղաքապետարանի սովորական գործունէութիւնը, ի նպաստ քաղաքացիներուն եւ ամէն օր Հռոմ հասնող այցելուներուն:
Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ որ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն լռելեան եւ հաւատարիմ աշխատանքը կը նպաստէ քաղաքի բարելաւման, քաջալերեց զանոնք վեհանձնութեամբ եւ վստահութեամբ յարատեւելու Հռոմ քաղաքի, անոր բնակիչներուն- զբօսաշրջիկներուն եւ ուխտաւորներուն մատուցած ծառայութեան մէջ:
ֆրանչիսկոս Պապ ապահովեցնելով իր աղօթքը քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն ու անոնց ընտանիքներուն խնդրեց որ անոնք եւս յիշեն զինք իրենց աղօթքներուն մէջ շնորհեց բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 11:42