Որոնել

Սուրբ Խաչը Սուրբ Խաչը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի Աւագ շաբթուան նախագահելիք արարողութիւնները:

Կիրակի` 21 ապրիլ 2019-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան տօնի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2019 տարուայ աւագ շաբթուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահելիք արարողութիւնները սկիզբ կ՛առնեն Կիրակի 14 Ապրիլ 2019-ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը որուն առթիւ կը նշուի նաեւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 34-րդ օրը որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» քաղուած Ղուկասի աւետարանէն: (Ղուկ. 1, 38):

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, կը հանդիսապետէ արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղերուն օրհնութեան արարողութեան, ապա թափօրով կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին զետեղուած խորան, ուր կը նախագահէ Յիսուսի չարչարանաց Սուրբ Պատարագի զոհը որով սկիզբ կ՛առնէ աւագ շաբաթը։

Հինգշաբթի, 18 ապրիլ 2019-ին՝ Աւագ Հինգշաբթի է, այդ օր կը նշուի նաեւ քահանաներուն տօնը ու յատկապէս Յիսուսին աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին ընթրիքի ու ոտնլուայի յիշատակումը։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Իւղերու օրհնութեան Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Ուրբաթ, 19 ապրիլին, Աւագ Ուրբաթ է` նուիրուած Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակին։ Յետմիջօրէի 5.00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։ Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնի տարածքին, Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որուն աւարտին իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ, ճանապարհ խաչի արարողութեան մասնակցող բոլոր հաւատացեալներուն։

Շաբաթ 20 Ապրիլին Աւագ Շաբաթ է. Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, նախատեսուած է Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ որուն առթիւ Ան Սուրբ Պետրոսի ներքնաբակին մէջ կը կատարէ ''նոր կրակի օրհնութեան'' արարողութիւնը'' ապա կը նախագահէ` Սուրբ Գրային ընթերցումներու, Սուրբ Մկրտութեան ե Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներու ծիսակատարութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամները։

Իսկ Կիրակի` 21 ապրիլ 2019-ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշաբար Յարութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապ` առաւօտեան ժամը 10.00ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին կ՛ ուղղէ ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին'' աւանդական առաքելական պատգամն ու օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 12:15