Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապին առաջին քարոզին 6-րդ տարեդարձը:

Ֆրանչիսկոս Պապ 6 տարուան մէջ Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած է 678 քարոզներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր կը նշուի ֆրանչիսկոս Պապի, քահանայապետ ընտրուելէ անմիջապէս ետք, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած առաջին պատարագի 6-րդ տարեդարձը՝ 22 մարտ 2013-ին:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած առաջին պատարագին մասնակցելու անակնկալօրէն հրաւէր ստացած էին Վատիկան քաղաքի պարտիզպաններն ու աղբահաւաքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ 6 տարուան մէջ Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած է 678 քարոզները: Անոր անպատրաստից քարոզները յստակ, պարզ, եւ առօրեայ կեանքէն թելադրուած քարոզներ են: Ֆրանչիսկոս Պապ, Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած առաջին քարոզին մէջ յորդորեց բաց սիրտ մը ունենալ եւ ներողամիտ գտնուիլ բոլորին հետ:
«Եթէ փակ սիրտ մը ունենաք, եթէ քարէ սիրտ մը ունենանք , քարերը մեր ձեռքերուն մէջ կրելով պատրաստ կ՝ըլլանք քարկոծելու. ասոր համար պէտք է մեր սիրտը սիրոյ բանալ» ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը իր առաջին քարոզին մէջ:
Ան ապա առաջին պատարագի աւարտին, աւանդատան մէջ ծիսական զգեստները հանելէ ետք, մատուռ վերադառաւ եւ նստաւ հաւատացեալներուն միջեւ: Այս ժեսթով Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց այլ պատագամ մըն տալ այն է, Սուրբ Պատարագէ ետք պահ մը ամփոփուիլ՝ խորին լռութեան մէջ աղօթելու համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 12:20