Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կոյրը կրնա՞յ առաջնորդել կոյրը» 3 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի Խորհրդածութիւնը։

Յիսուս աշակերտները կը հրաւիրէ իրեն օրինակին հետեւելու, որպէսզի անոնք դառնան իմաստուն եւ վստահելի առաջնորդներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Մարտ 2019-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածին վրայ.

Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Կոյրը կրնա՞յ առաջնորդել կոյրը. միթէ երկո՛ւքն ալ փոսը պիտի չիյնա՞ն: Աշակերտը իր վարդապետէն գերիվեր չէ. բայց ամէն կատարեալ աշակերտ՝ իր վարդապետին պէս պիտի ըլլայ:Ինչո՞ւ կը տեսնես եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը, ու չես նշմարեր քու աչքիդ մէջի գերանը: Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել եղբօրդ. “Եղբա՛յր, թո՛յլ տուր որ հանեմ աչքիդ մէջի շիւղը”, երբ դուն չես տեսներ քու աչքիդ մէջի գերանը: Կեղծաւո՛ր, նախ հանէ՛ քու աչքէդ գերանը, եւ ա՛յն ատեն յստակ պիտի տեսնես՝ հանելու համար եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»: «Արդարեւ չկայ լաւ ծառ մը՝ որ վատ պտուղ բերէ, ո՛չ ալ վատ ծառ մը՝ որ լաւ պտուղ բերէ. քանի որ իւրաքանչիւր ծառ կը ճանչցուի իր պտուղէն: Որովհետեւ փուշերէն թուզ չեն քաղեր, ու մորենիէն խաղող չեն կթեր: Բարի մարդը՝ բարութիւն կը բխեցնէ իր սիրտին բարի գանձէն, իսկ չար մարդը՝ չարիք կը բխեցնէ իր սիրտին չար գանձէն. քանի բերանը կը խօսի սիրտին լիութենէն:

Ունկնդրէ լուրը

 Իմաստութեամբ ապրելու ճանապարհը 

Այս առակներով Յիսուս կ՛ուզէ իր աշակերտներուն ցոյց տալ իմաստութեամբ ապրելու ճանապարհը - ըսաւ Սրբազան Պապը։ Հարցումով թէ «Կոյրը կրնա՞յ առաջնորդել կոյրը» Ան կ՛ուզէ ընդգծել թէ առաջնորդ մը պէտք է տեսողութիւն ունենայ՝ այսինքն իմաստուն ըլլայ, ապա թէ ոչ վտանգ կը հանդիսանայ իրեն յանձնուած անձերուն։

Յիսուս պատասխանատուութեան տէր մարդոց ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ որպէսզի գիտակից դառնան իրենց կարեւոր եւ նուրբ դերակատարութեան ու զատորոշել միշտ ուղիղ ճանապարհը՝ առաջնորդելու համար մարդիկը։

Առաջնորդի յատկութիւնները՝ հեզ, ողորմած, անկեղծ, խոնարհ եւ արդար

Յիսուս աշակերտները կը հրաւիրէ իրեն օրինակին հետեւելու, որպէսզի անոնք դառնան իմաստուն եւ վստահելի առաջնորդներ» ըսաւ ապա Քահանայապետը անդրադառնալով նաեւ առաջնորդի յատկութիւններուն՝ հեզ, ողորմած, անկեղծ, խոնարհ եւ արդար։

“Եղբա՛յր, թո՛յլ տուր որ հանեմ աչքիդ մէջի շիւղը”, երբ դուն չես տեսներ քու աչքիդ մէջի գերանը» խօսքին միջոցաւ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ խուսափելու ամբարտաւանութենէն եւ կեղծաւորութիւնէն ու գիտակից ըլլալու թէ մենք եւս ունինք բազմաթիւ թերութիւններ - դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Միայն երբ կը գործենք խոնարհութեամբ ու կը վկայենք սէրը մենք կը դառնանք հաւատալի»՜

 Հաւատքի ուղեւորութեան ցուցմունքներ

Խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց թէ «աւետարանական այս հատուածը մեզի կ՛ընծայէ հաւատքի ուղեւորութեան ցուցմունքներ, մեզ հրաւիրելով կատարելու առողջ զատորոշում»։ Այս ուղղութեամբ ապա Ան նշեց թէ  «զատորոշումը Տիրոջ պարգեւն է ու պէտք է զայն հայցել թախանձագին աղօթքով»։

«Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի կարենանք հետեւիլ Տիրոջ իր այդ մեզի ցոյց տուած  ուղիին վրայ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։​

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2019, 12:09