Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Երկուքը մինակ մնացին, թշուառն ու ողորմածը:»

«Յիսուսի համար մեղքէն առաջ, մեղաւորն է, որ կու գայ: Ես, դուն, մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ սրտին մէջ առաջ կու գանք քան, մեր սխալները, կանոնները, նախապաշարումները եւ մեր անկումները:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 մարտին, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց 24 ժամ տիրոջ համար, ապաշխարաութեան կարգը, որուն ծիրէն ներս խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարեց կարգ մը հաւատացեալներու, ապա ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը:

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով աւետարանի այն հատուածը, ուր կը խօսուի մեղաւոր կնոջ՝ քարկոծել ուզող մարդոց մասին ըսաւ- «Բոլոր անոնք որոնք եկած էին մեղաւոր կինը քարկոծելու, ինչպէս նաեւ Յիսուսը զրպարտելու օրէնքին դիմաց, ձգեցին ու գացին: Մինչ՝ Յիսուս մինակ մնաց: Մինակ մնաց որովհետեւ, իրեն աչքերուն համար ամենէն արժէքաւոր բանը՝ կինն էր , անձը, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Յիսուսի համար մեղքէն առաջ, մեղաւորն է, որ կու գայ: Ես, դուն, մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ սրտին մէջ առաջ կու գանք քան, մեր սխալները, կանոնները, նախապաշարումները եւ մեր անկումները:»
Նորին Սրբութիւնը ապա խրախուսեց, Յիսուսի միեւնոյն նայուածքը ունենալու շնորհքը հայցել ու նախ քան մեղքը, մեղաւորին սիրով նայիլ. անոր նախ քան սխալը, անձին պատմութեան նայիլ:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Յիսուս կնոջ հետ կը մնայ գրեթէ լռութեան մէջ: Ան երկու անգամ խորհրդաւոր ժէսթ կը կատարէ՝ Հողին վրայ մատով կը գրէ: ֆրանչիսկոս Պապ ապա մտաբերեց Սինա լերան դրուագը, ուր Աստուած իր մատով տախտակին վրայ օրէնքներ կը գրէ, ու նշեց, թէ Աստուած մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ որ այլեւս քարէ գրատախտակի վրայ պիտի չգրէ այլ անմիջապէս սիրտերու մէջ պիտի գրէ:
Հասաւ ժամանակը, ոչ թէ արտաքին օրէնքներ տալու, որոնք ստէպ Աստուած եւ մարդը հեռու կը պահեն, այլ Սուրբ Հոգիին օրէնքը որ սիրտին մէջ կը ներթափանցէ եւ զայն կ՝ազատագրէ:
Այսպէս պատահեցաւ այդ կնոջ հետ, որ Յիսուսին կը հանիդպի ապա իր կեանքը կը վերագտնէ: Ան կը հեռանայ ՝այլեւս մեղք չգործելու համար: Յիսուսն է, որ Սուրբ Հոգինն զօրութեամբ, մեզ չարէն կ՝ազատագրէ: »

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց չարիքին զօրութեան վրայ որ ունի հրապուրիչ կարողութիւն- ըսաւ Ան: Չարիքէն հեռանալու համար բաւ չէ մեր յանձնառումը. այլ կարիքը կայ աւելի մեծ սիրոյ: Առանց Աստուծոյ չէ կարելի յաղթահարել չարին :Լոկ՝ Աստուծոյ սէրը, Անոր Քնքշութիւնը մեզ ազատ կը դարձնէ:
Եթէ կ՝ուզենք չարէն ձերբազատուիլ պէտք է տեղ տալ Տիրոջ, որ կը ներէ ու կը բուժէ: Ան այս կատարէ յատկապէս Խոստովանքի խորհուրդի միջոցաւ: խոստովանքը անցքն է՝ թշուառութենէն դէպի ողորմածութիւն, Աստուծոյ գրութիւնը մեր սիրտին մէջ:
Լոկ Աստուծոյ ներումի միջոցաւ կը պատահին նոր բաներ մեզի համար: Ներումը նոր սկիզբ կու տայ, մեզ նոր արարածներ կ՝ընէ. Ձեռքով դպչիլ կու տայ նոր կեանքին:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց խոստովանքի խորհուրդէն ետք, մեղաւոր կնոջ նման, կանգ առնենք ու մեր հայեացքը սեւեռենք Յիսուսին վրայ, որ մեզ ազատագրեց: Պէտք չէ նայիլ մեր թշուառութիւններուն այլ նայիլ Աստուծոյ ողորմածութեան: Նայիլ Խաչին եւ հրապոյրով ըսել - ահա ուր գացին իմ մեղքերս: Դուն այդ բոլորը քու վրադ կրեցիր:-
Կարեւոր է յիշել Աստուծոյ ներումը. Յիշել անոր քնքշութիւնը- համտեսել փորձարկած խաղաղութիւնն ու ազատութիւնը, Որովհետեւ սա է խոստովանքի սիրտը եւ ոչ թէ մեր ըսած մեղքերը, այլ՝ Աստուածային սէրը, զոր ստացանք եւ որուն միշտ կարիքը ունինք:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը յարելով «Երկուքը մինակ մնացին. Թշուառը ու ողորմածը: Մենք եւս այսօր ՝ խոստովանքին մէջ կ՝ապրինք այս փրկութեան հանդիպումը. Մենք մեր թշուառութիւններով եւ մեր մեղքը, Տէրը, որ մեզ կը ճանչնայ, մեզ կը սիրէ եւ կ՝ազատէ չարէն: Մտնենք այս հանդիպումին մէջ, խնդրելով բացայատելու անոր շնորհքը:»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 08:23