Ֆրանչիսկոս Պապը Սքոլաս Օքուրենդէսի  կեդրոնին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Սքոլաս Օքուրենդէսի կեդրոնին մէջ 

Երիտասարդները Աստուծոյ «այժմն» են. Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սքոլաս Օքուրէնդէսի երիտասարդներուն։

Հինգշաբթի 21 Մարտ ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Վատիկանի «Սոքլաս Օքուրենդէսի» քահանայապետական հիմնարկի կեդրոնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 Մարտ 2019-ի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Վատիկանի «Սոքլաս Օքուրենդէսի» քահանայապետական հիմնարկի կեդրոնը, ուր մեկնարկը կատարեց  «Ծրագրելով ի շահ խաղաղութեան» բնաբանով Սքոլասի միջազգային նոր ծրագրին,  որուն  նպատակն է մէկ տարուայ տեւողութեամբ դասընթացքի միջոցաւ, միլիոնաւոր պատանիներուն առիթ ընծայել ինչպէս, բարոյական հեռանկարով «ծրագրել» ու աւելի մեծ ուժով եւ ոգեւորութեամբ յանձնառու ըլլալ ու գործել խաղաղութեան փնտռտուքին ի նպաստ։

Ունկնդրէ լուրը

2013-էն ''Քահանայապետական'' տիտղոս վայելող Սքոլաս Օքուրէնդէս հիմնակը, կը գործէ 190 երկիրներուն մէջ եւ ունի 450 հազարէ աւելի հաստատութիւններ ու դաստիարակչական ցանցեր, ու նպատակ ունի զանազան կրօններու պատկան սեփական ու հանրային դպրոցներ ներգրաւել, իրականացնելու համար երազ մը,  փոխել աշխարհը ու զայն դարձնել առանց պատերու դասարան մը, ուր բոլոր մանուկները, ու յատկապէս աղքատ մանուկները, կարողանան ապրիլ ու գործել խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքի նշանին տակ։

Սքոլասի կեդրոն կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը առիթը ունեցաւ նաեւ եթերային հեռակապով զրուցելու Սքոլասի՝ Փանամայի, Փորթուկալի եւ Ռումանիայի դպրոցներու նոր աշակերտներուն հետ ու անոնց ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ խրախուսեց զանոնք միշտ աւելիով ցանցեր հաստատելու ու կիսելու հմտութիւնները, արհեստավարժութիւն ու ստեղծագործութիւն։

«Սքոլասը ծիլ մըն է» ըսաւ Քահանայապետը, ան խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ երկխօսութեան ծիլ է ու պարգեւ մըն է ուր երիտասարդները իրարու կը հանդիպին ու միասնաբար կ՛աճին։ Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա որ երիտասարդներուն յաճախ կը պակսին ուղիղ առաջնորդներ որոնք կարողութիւնն ունին զանոնք առաջնորդելու եւ ասոր համար է որ երիտասարդները այդ մէկը կը փնտռեն իրենց հասարակութիւնէն դուրս։ Քահանայապետը ակնարկեց ապա անցեալ օրերուն միլիոնաւոր այն երիտասարդներուն, որոնք  ցոյցեր կատարեցին ի նպաստ բնութեան պաշտպանութեան։ «Անոնք ունին աներեւակայելի իշխանութիւն, որովհետեւ ստեղծագործ են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ երիտասարդները միայն ապագայ չեն այլ ներկան են, այսօրն են, Աստուծոյ «այժմն» են ու ասկէ մեկնելով յորդորեց ոչ միայն բողոքել այլ կառուցել, «հակառակ որ կառուցման ընթացքին կարելի է նաեւ սխալներ գործել, սակայն աւելի լաւ է այդ սխալները գործել աշխատանքի ժամանակ քան թէ զանոնք գործել անշարժ մնալով» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց երիտասարդները միշտ աւելիով կապ ու երկխօսութիւն հաստատելու տարեցներուն հետ, որպէսզի կառչած մնան իրենց արմատներուն, իրենց պատմութեան իմաստին ու պատկանելիութեան։ «Մինչ տարեցները պարտականութիւնն ունին այս բոլորը փոխանցելու երիտասարդներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 09:03