Որոնել

Հռոմի Քաղաքապետարանը Հռոմի Քաղաքապետարանը  

Ֆրանչիսկոս Պապ չորրորդ Քահանայապետն ըլլալով այցելեց Հռոմի քաղաքապետարան՝ «Քամփիտոլիօ»ն։

Այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ Հռոմի քաղաքապետարանի վարչակազմի անդամներուն, պաշտօնեաներուն ու Հռոմի բնակչութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 26 Մարտ 2019-ի առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի եօթ բլուրներէն մէկը հանդիսացող «Քամփիտոլիօ»ին, ուր կը գտնուի նաեւ Հռոմի քաղաքապետարանը ու քաղաքապետարանի վարչական ու աշխատանքային գրասենեակները։

Ֆրանչիսկոս Պապը  չորրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Հռոմի քաղաքապետարանը։ Առաջին Քահանայապետը որ պաշտօնական այցելութիւն տուած է Հռոմի Քաղաքապետարանին եղած է Պօղոս Զ-ը՝ 16 ապրիլ 1966-ին, ապա 1988-ի Յունուար 15-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ յատուկ ու պատմական այցելութեան մը ընթացքին կոչ ուղղած էր Հռոմին՝ «սիրտը բանալու Քրիստոսին», մինչ անոր յաջորդը Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը՝ 2009-ի մարտ ինին, Հռոմի Քաղաքապետարան տուած այցելութեան ծիրէն ներս մաղթած էր որ Հռոմը դառնայ նոր մարդկայնութեան մը ջահակիր։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քաղաքապետարան ժամանեց ինքնաշարժով ու  դիմաւորուեցաւ Հռոմի քաղաքապետ՝ Տիկ Վիրճինիա Ռաճճիի կողմէ որուն հետ միասին մուտք գործեց քաղաքապետարան ուր նախ հանդիպեցաւ Ռաճճիի ընտանեկան պարագաներուն հետ ապա առանձնազրոյց ունեցաւ Քաղաքապետին հետ։

Սրբազան Հայրը փոխադրուելով հուսկ  «Վիժակ» անուամբ դահլիճ, հանդիպում ունեցաւ քաղաքի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին  որպէս նուէր յանձնելով «Վերամտածել Եւրոպան» խորագիրով Քահանայապետին Եւրոպային հայող ճառերուն հաւաքածոն։

Նորին Սրբութիւնը ապա Քաղաքապետարանի «Ճուլիօ Չեզարէ» ժողովասրահին մէջ  իր պատգամը ուղղեց Հռոմի Քաղաքապետարանի խորհրդարանի անդամներուն ու վարչակազմին։ Այցելութեան ծիրէն ներս  Քահանայապետը հանդիպեցաւ ու սրտի խօսք ուղղեց նաեւ Հռոմի Քաղաքապետարանի աշխատակազմին եւ այս առթիւ Քամփիտոլիօ ժամանած Հռոմի բնակիչներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի քաղաքապետարան այցը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 10:05