Մարոքի առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը Մարոքի առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշը 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ միջ կրօնական բնոյթ ունեցող ճամբորդութեամբ կը մեկնի Մարոք։

34 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Մարոքի մէջ կ՛ապրին միայն 23 հազար քրիստոնեայ հաւատացեալներ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 30 եւ 31 Մարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Մարոքը, որ կը  հանդիսանայ Նորին Սրբութեան այցելած 42րդ երկիրը, Քահանայապետական առաքելական միջազգային 28 ճամբորդութիւններու ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն ճամբորդութիւն ունի միջ կրօնական բնոյթ ու տեղի կ՛ունենայ ընդառաջելով Մարոքի Թագաւոր Մոհամմատ Զ-ի ու տեղական եկեղեցւոյ առաջնորդներուն Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղած հրաւէրին։

34 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Մարոքի մէջ կ՛ապրին միայն 23 հազար քրիստոնեայ հաւատացեալներ մեծամասնութեամբ Սպանացի, Իտալացի եւ Ֆրանսացի։

Մարոքի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է երկու աւագ թեմերէ ուր կը գործեն 30 ժողովրդապետութիւններ ու իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 50 քահանաներ։

Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան նպատակներէն է նաեւ թիկունք կանգնիլ այդ փոքր հասարակութեան ու զայն վերահաստատել հաւատքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարոք կ՛ուղղուի որպէս  «յոյսի ծառայ» այս է նաեւ երկու օր տեւող ճամբորդութեան նշանաբանը որուն ընթացքին Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն պիտի կատարէ Իմամներու ու քարոզիչներու կազմաւորումով զբաղող Մոհամմատ Զ հաստատութեան որուն նպատակներէն մին է խթանել  հանդուրժողական իսլամութիւն մը որ բաց ըլլայ այլ կրօններու ու աշխարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ երկրորդ Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Մարոքը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն ետք որ երկիրը այցելած էր մի քանի ժամով, 1985 ի օգոստոս 19-ին, Երիտասարդներու նուիրուած տարւոյն առթիւ, ուր Քազապլանքայի մէջ հանդիպում ունեցաւ իսլամ երիտասարդներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանէն կը մեկնի  շաբաթ 30 մարտի առաւօտեան 10.05 անց ու կը փոխադրուի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն ժամը 10.45-ին կը մեկնի Ալիթալիա ընկերութեան օդանաւով ուղղուելով Մարոքի Թագաւորութեան մայրաքաղաք՝ Ռապաթ ուր ժամանումը նախատեսուած է կէսօրէն ետք ժամը 2-ին։

Օդակայանին մէջ Սրբազան Հայրը կը դիմաւորուի Մոհամմատ Զ թագաւորի կողմէ ու բարի գալուստի ընդունելութենէն ետք կ՛ուղղուի «Թուր Հասսան Բ»  համալիր ուր նախատեսուած է բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը հուսկ հանդիպում Մարոքի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն կ՛ուղղէ ճամբորդութեան առաջին ճառը։

Հանդիպումէն ետք նախատեսուած է այցելութիւն Մոհամմատ Զ դամբարան հուսկ քաղաքավարական այց Մոհամմատ Զ թագաւորին որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետ ու Թագաւորը կ՛ուղղուին Մոհամմատ  Զ  Իմամներու ու քարոզիչներու կազմաւորման հաստատութիւն, ուր տեղի կ՛ունենայ ուսանողներու հետ հանդիպում։

Նորին Սրբութեան Մարոք կատարած առաջին օրուան յայտագիրը կ՛եզրափակուի  Քարիթասի կեդրոնին մէջ գաղթականներու հետ կայացած հանդիպումով։

Կիրակի՝ 31 Մարտին  Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Թեմարա քաղաքի «ընկերային ծառայութիւններու» գիւղական կեդրոնը ապա Ռապաթ կը վերադառնայ եւ Սուրբ Պետրոսի անուան պազիլիքային մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Մարոքի կղերական դասի ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամներուն իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն։

Իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ կիսելէ ետք Կէսօրուան ճաշը Նորին Սրբութիւնը Մուլէ Ապտալլահ մարզական համալիրին մէջ կը մատուցէ Ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը որուն աւարտին կը փոխադրուի Ռապաթի օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2019, 10:22