Փանամայի երիտասարդաց Հաւաք Փանամայի երիտասարդաց Հաւաք 

Կոչումներու աղօթքի համաշխարհային 56-րդ օրուայ Քահանայապետական պատգամ։

«Աստուծոյ խոստումին համար վտանգելու քաջութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուծոյ խոստումին համար վտանգելու քաջութիւնը» Այս է ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայական կոչումներու  նուիրուած աղօթքի համաշխարհային 56-րդ օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին բնաբանը, որ լոյս տեսաւ շաբաթ 9 մարտ 2019-ին, եւ որ ստորագրուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի տօնին օրը՝  31 Յունուար 2019ին։

Ունկնդրէ լուրը

Երիտասարդներուն նուիրուած Սիւնհոդոսը ու Փանամայի ԵՀՕ հաւաքը

Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կը սկսի ակնարկելով անցեալ 2018-ի հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ու Փանամայի երիտասարդներու համաշխարհային 24-րդ օրուան այդ երկու ձեռնարկները համարելով «մեծ» որոնք Եկեղեցւոյ թոյլ տուին որ անսայ Սուրբ Հոգւոյն ձայնին ու նաեւ երիտասարդներու կեանքին՝ անոնց հարցադրումներուն, անոնց վհատութիւններուն ու անոնց յոյսերուն։

Կոչում. Խոստում. Կեանքը վտանգել

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը պատգամի խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց կոչումին վրայ՝ «Տիրոջ կոչին որ մեզ կը դարձնէ խոստումի մը պատգամաւորները ու մեզմէ կը պահանջէ քաջութիւն՝ վտանգելու մեր կեանքը Տիրոջ հետ եւ Տիրոջ համար» գրեց Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ շեշտը դնելով «խոստում եւ վտանգել» բառերուն վրայ ու այս առընչութեամբ մէջբերելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած (Մարկոս 1, 16-20) հատուածը որ կը պատմուի առաջին չորս առաքեալներու կոչումի դրուագը որ պատահեցաւ Գալիլիոյ ծովուն մօտ՝ Սիմոն եւ Անդրէաս ու Յակոբ եւ Յովհաննէս եղբայրներու  կոչումը։

Անոնք ձկնորս էին ու իրենց առօրեայ ծանր գործին մէջ հասկցած էին բնութեան օրէնքները ու յաճախ ստիպուած եղան դիմագրաւելու զանոնք, երբ փոթորիկներ կը ծագէին ու քամին իրենց նաւերը կը տարուբերեր ու շատ անգամ բոլոր գիշերուայ մը յոգնութիւնը բաւարար չէր ուռկանները լեցնելու՝ առ այդ տուն կը վերադառնային յոգնած եւ յուսալքուած։

Կոչումը հանդիպում է եւ անակնկալ

«Ասոնք են նաեւ բնական կեանքին իրավիճակները» նշեց Սրբազան Պապը ու անդրադառնալով կոչումին հաստատեց թէ ան կը սկսի միշտ հանդիպումով. Յիսուս կ՛անցնէր Գալիլիոյ ծովուն եզերքին ու տեսաւ երկու ձկնորսներ ու անոնց մօտեցաւ։ Ամէն մէկ հանդիպում անակնկալ մըն է։ Այդպէս կը պատահի նաեւ մեզի մեր կեանքին ընթացքին՝ օրինակ երբ կը հանդիպինք անձին որուն հետ որոշեցինք կիսել մեր կեանքը կամ երբ զգացինք նուիրեալ կեանքին հրապոյրը։

Տիրոջ կոչը Աստուծոյ մեր ազատութեան մէջ միջամտութիւն մը չէ ընդհակառակը ան Աստուծոյ սիրալիր նախաձեռնութիւնն է որ մեզի կու գայ ու  մեզ կը հրաւիրէ մասնակցելու աւելի մեծ ծրագիրի մը, մեր առջեւ բանալով աւելի ընդարձակ ծովու մը հորիզոնները ու աւելի առատ ձկնորսութիւն մը։

Տէրը չուզեր որ մենք մեր կեանքը ապրինք այն համոզումով թէ չկայ բան մը որուն համար կ՛արժէ յանձնառութիւն ցուցաբերել. Երբ Ան մեզի փորձարկել կու տայ «հրաշագործ ձկնորսութիւն» մը կ՛ուզէ մեզի բացայայտել թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կանչուած է աւելի մեծ իրականութեան մը համար ու թէ կեանքը պէտք չէ կաշկանդուած մնայ անիմաստութեան ուռկաններուն մէջ։

Կոչումը հրաւէր քաջութեան։

Կոչումը ուրեմն հրաւէր է կանգ չ՛առնելու  ծովեզերքին վրայ, ուռկանները բռնած մեր ձեռքը, այլ հետեւելու Յիսուսին մեզի համար ծրագրած ճանապարհին վրայ։ Այս խոստումը յանձն առնելը բնականաբար կը պահանջէ քաջութիւն՝ վտանգելու այդ ընտրանքը։

Առաջին աշակերտները երբ կոչուեցան Յիսուսէն, անմիջապէս թողուցին ուռկանները  ու հետեւեցան Իրեն։ «Այս կը նշանակէ ընկալել Տիրոջ կոչումը, լքել ամէն բան որ մեզ կը կաշկանդէ եւ կատարել ընտրանքը։ Կոչումի ծովուն մէջ չէ կարելի մնալ նաւուն վրայ որ մեզի ապահովութիւն կու տայ, այլ  հարկաւոր է  վստահիլ Տիրոջ խոստումին» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով քրիստոնէական կոչումին որ կը սկսի մկրտութեամբ որ մեզի կը  յիշեցնէ թէ մեր կեանքը պարգեւ  մըն է ու թէ մենք Տիրոջ սիրուած զաւակներն ենք, համախմբուած Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մէջ։

Եկեղեցական հաղորդութիւնը կոչումի օրրան

Այդ եկեղեցական հաղորդութեան մէջ է որ մեր գոյութիւնը ծնունդ կ՛առնէ ու կը զարգանայ, շնորհիւ նաեւ Խորհուրդներուն, աղօթքին եւ եղբայրական բաժնեկցութեան։

Քրիստոնէական կեանքը ապա իր արտայայտութիւնը կը գտնէ ընտրանքներուն մէջ որոնք յստակ ուղղութիւն կու տան մեր նաւարկութեան, ինչպէս  սուրբ պսակը ու ընտանիք կազմելը, կամ աշխատանքի ու արհեստուելու կապուած կոչումը եւ կամ զօրակցութեան ու եղբայրսիրութեան հայող յանձնառումը… կոչումներ որոնք մեզ կը դարձնեն բարիի, սիրոյ եւ արդարութեան համակիրներ, ոչ միայն մեզի համար, այլեւ մեր ընկերային ու մշակութային այն ասպարէզներուն՝ որոնց մէջ կ՛ապրինք եւ որոնք կարիքն ունին արի քրիստոնեաներու ու Աստուծոյ թագաւորութեան իսկական վկաներու։

Կոչ երիտասարդներուն։

Տիրոջ հետ հանդիպումի ընթացքին ոմանք կարող են նաեւ զգալ նուիրեալ կեանքի կամ քահանայութեան կոչումը։ Կոչում դառնալու  մարդոց որսորդներ՝ Եկեղեցւոյ նաւուն մէջ, անձնազոհութեան ու Աւետարանի եւ եղբայրներու հաւատարիմ ծառայութեան յանձնառումով։ Այս ընտրանքը կը պահանջէ ամէն ինչ թողուլ հետեւելու համար Տիրոջ ու ամբողջութեամբ Անոր նուիրուելու որպէսզի դառնանք Անոր գործակիցները։ «Բազմաթիւ ներքին դիմադրութիւններ կարող են այդ որոշումին արգելք հանդիսանալ ու կարելի է նաեւ յուսալքումի մատնուիլ բայց եւ այնպէս չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն քան մեր կեանքը վտանգել Տիրոջ համար» գրեց Սրբազան Պապը ու յատուկ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն. «խուլ մի համարէք դուք ձեզ Տիրոջ կոչին դիմաց։ Եթէ Ան ձեզ կոչէ այդ ճանապարհին համար, վստահեցէք Անոր։ Մի վարակուիք վախէն որ մեզ անդամալոյծ կը դարձնէ բարձունքներուն դիմաց որ Տէրը մեզի կ՛առաջարկէ։ Միշտ ալ յիշեցէք որ անոնք որոնք ուռկանները կը թողուն իրեն հետեւելու համար Տէրը կը խոստանայ նոր կեանքի մը ուրախութիւնը որ կը լիացնէ սիրտը ու կ՛ոգեւորէ ուղեւորութիւնը։

Սիրելիներ միշտ ալ դիւրին չէ զատորոշել սեփական կոչումը եւ ուղիղ կերպով  կողմնորոշել կեանք։ Ասոր համար կարիքը կայ համայն եկեղեցւոյ յանձնառումին, քահանաներ, կրօնաւորներ, հովուական ոգեւորողներ, դաստիարակներ… որպէսզի նուիրուին յատկապէս երիտասարդներուն ու անոնց ապահովեցնեն  ունկնդրութեան եւ զատորոշումի պահեր։

Ասոր համար անհրաժեշտութիւն կայ երիտասարդական  կոչումի հովութեան մը որ օգնէ երիտասարդները բացայայտելու Աստուծոյ ծրագիրը ՝ աղօթքի ու Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալով ինչպէս նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով ու հոգեւոր առաջնորդութեամբ։

Սուրբ Կոյսը՝ տիպար

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց այս ուղեւորութեան ընթացքին նայելու Սուրբ Կոյս Մարիամին, որուն կոչումը եղաւ նաեւ խոստում ու վտանգ։

Անոր առաքելութիւնը դիւրին չէր, սակայն անոր« այո»ն եղաւ ներգրաւուած ու վտանգը յանձն առած «այո» մը,  որպէս միակ երաշխիք ունենալով այն գիտակցուէիւնը թէ ինք խոստում մը կրողն էր։

Հրաւէր աղօթքի

Այս օրուան առթիւ բոլորս միանանք աղօթքին մէջ՝ Տիրոջմէ հայցելով որ մեզի ցոյց տայ մեր կեանքին մէջ իր սիրոյ ծրագիրը  ու մեզի քաջութիւն պարգեւէ վտանգելու մեր կեանքը այն ճանապարհին վրայ զոր Ան մեզի համար մտածած է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2019, 12:00